ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ
Ըստ 24 Նիուզի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 Յունիսին պիտի այցելէ Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարա, ուր տեսակցութիւն մը պիտի ունենայ նախագահ Ռեճէփ Էրտողանի հետ։ Դիւանագիտական բարձրաստիճան աղբիւր մը այս տեղեկութիւնը փոխանցած է 24 Նիուզի։
Նոյն աղբիւրին համաձայն, Փաշինեան Թուրքիոյ նախագահին հետ պիտի քննարկէ հայ-ատրպէյճանական եւ հայ- թրքական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի հետկնքուելիք խաղաղութեան համաձայնագրին կապուած հարցեր։
*
Դատարանի որոշումով վերացուեցաւ երկրէն բացակայելու արգելքը, որ դրուած էր նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի դէմ։
Այս որոշումին փոխարէն պիտի գործադրուի այլ որոշում մը, որ հինգ միլիոն դրամի գրաւ մըն է։
Տեղին է նշել ,որ փտածութեան դէմ դատարանը,նախագահութեամբ դատաւոր Արամ Գրիգորեանի, կը քննէ Սարգսեանի դէմ գործը, որ կը վերաբերի մեղադրեալին կողմէ Իսակովի պողոտային վրայ գտնուող տարածքներու իւրացման, երբ ան պաշտպանութեան նախարար էր։
*
Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արմէն Ապազեանի գլխաւորութեամբ կայացաւ գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուած անձերու հարցերով զբաղող միջնախարարական յանձնախումբին նիստը, որուն ընթացքին Ապազեան ներկայացուց կատարուած աշխատանքներուն արդիւնքները՝ վերահասատատելով համակարգուած աշխատանքը շարունակելու յանձնախումբին յանձնառութիւնը։
Քննչական կոմիտէին ներկայացուցիչները ժողովին ընթացքին ներկայացուցին անհետ կորսուած անձերու ճակատագրին վերաբերեալ կատարուող քննութիւններուն արդիւնքները։Կատարուեցան քննարկումներ՝ աշխատանքը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու մասին։
*
Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառոցներու նախարար Դաւիթ Խուտաթեան յայտարարեց, որ կորիզային նոր կայանին կառուցման հարցով կատարուող ուսումնասիրութիւններուն հիմամբ պիտի յստակացուի անոր տիպը՝ նկատի ունենալով Հայաստանի ուժանիւթային կառոյցին առանձնայատկութիւնները , հզօրութեան եւ ֆինանսաւորման հարցերը։
Խուտաթեանի համաձայն, այս նպատակով կը շարունակուին ուսումնասիրութիւնները՝ տարբեր համակարգերու շուրջ, որոնք կը գործեն տարբեր երկիրներու մէջ։ Կորիզային արհեստագիտութեան տարբեր համակարգերուն ուսումնասիրութիւններուն շարքին են նաեւ տարբեր հնոցներու շուրջ իրականացուող ուսումնասիրութիւնները։
Տեղին է նշել, որ կը շարունակուին աշխատանքները՝ Մեծամօրի կորիզային կայանըմինչեւ 2036 բանեցնելու նպատակով։
*
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Օտրի Ազուլէի հետ։ Քննարկման առարկայ դարձան Հայաստանի եւ կազմակերպութեան միջեւ գործակցութեան հեռանկարները՝ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան եւ տարբեր ծրագրերու մէջ։
Անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախէն բռնագաղթուած արցախահայութեան աջակցութեանծրագրերուն։
*
Ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեան Պրիւքսէլի մէջ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Եւրոպական Միութեան ներքին գործոց եւ գաղթականութեան հարցերով յանձնակատար Մակնուս Պրիւննէրի հետ։ Խօսակցութիւններուն նիւթ դարձաւ Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան վիզաներու ազատականացման երկխօսութեան հոլովոյթը՝ շեշտը դնելով գործնական քայլերու կարեւորութեան վրայ։
Եւրոպացի յանձնակատարը յայտնեց, որ 24 Յունիսին Հայաստան պիտի այցելէ եւրոպական փորձագիտական պատուիրակութիւնը՝ քննարկելու համար Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան վիզաներու ազատականացման գործողութիւններու ծրագրերուն նախագծային տարբերակը։

