«Համազգային» Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանային Վարչութիւնը ձեռնարկած է «Հայ Երաժշտական Փառատօն»-ի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 19-21 Յունիս 2025-ին։
10-18 տարեկան կրտսեր երաժիշտներ կրնան արձանագրուիլ մասնակցելու աշխատանոցներուն ուր առիթը պիտի ունենան համերգ ներկայացնելու ընկերակցութեամբ վաստակաւոր երաժիշտներու։
«Հայ Երաժշտական Փառատօն»-ին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն հետեւեալ հանրածանօթ երաժիշտները՝ «Համազգային» Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, խմբավար, դուդուկահար նաեւ շվիահար՝ Զաքար Քէշիշեան, թաւջութակահար եւ «Ղաբան Միջազգային Երաժշտական Փառատօն»-ի կազմակերպիչ՝ Սեւակ Ավանեսեան, դաշնակահար՝ Սէրուժ Գրաճեան, ջութակահար՝ Հրաչեայ Ավանեսեան, եւ ուտի վարպետ՝ Արա Տինգճեան։
Երաժիշտները պիտի վարեն աշխատանոցներ մասնակիցներուն փոխանցելու հայ եւ դասական երաժշտութեան ոգին, նրբութիւններն ու հաճոյքը։
Փառատօնը բաց է հանրութեան։ Միացէք մեզի Յունիս 19-21-ին, ընկերային մթնոլորտի մէջ համերգներով լի շաբաթավերջ մը անցնելու:
Յաւելեալ տեղեկութեանց եւ արձանագրութեան համար հետեւիլ ՓԱՌԱՏՕՆ կամ այցելել HOME – HAMAZKAYIN USA | EASTERN REGION․

