
ՄՈՆՐԷԱԼ.- Հ.Հ. Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան եւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան այցելեց Գանատա եւ մասնակցեցաւ ժողովրդային հաւաքներու: եւ , Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Երիտասարդական միութեան, Մայիս 21-ին, Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք, որուն ընթացքին զեկոյց տուաւ պատգամաւոր Վարդանեան, ներկայութեամբ տեղւոյն Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Ա. Քհն. Գոյունեանի, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Ռաֆֆի Տօնապետեանի, Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի եւ միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հայրենիքի իրավիճակով շահագրգռուած հայրենակիցներու:
Վարդանեան անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ խաղաղութեան պայմանագրին, յայտնելով որ այն բացարձակապէս հայկական շահերէն չէ բխած, այլ բառացիօրէն կը հետապնդէ Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ շահերը, յատկապէս երբ այն չի ներառեր մեր գերիներուն հարցը, Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութեան հարցը, Արցախի ժողովուրդին վերաբերող որեւէ հարց, յատկապէս Արցախ վերադարձի իրաւունքի հարցը, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հակամարտութեան հիմքը կը կազմէ, այլ կը ներառէ պահանջներ՝ ի վնաս Հայաստանի: Պատգամաւորը յիշեց նաեւ դաշնակից երկիրներու՝ յատկապէս Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ պետական մակարդակի յարաբերութիւններու վատթարացումը, ապա Եւրոպական միութեան անդամակցելու գործընթացի ոչ մէկ յառաջխաղաց կայանալը:
Հայաստանի ներքին իրավիճակին անդրադառնալով պատգամաւորը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ ղեկավար իշխանութեան կողմէ հրահրուող հայատեացութեան, որուն թիրախն է յատկապէս արցախահայութիւնն ու հայկական շահերը հետապնդող կազմակերպութիւններն ու անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ Հայ եկեղեցին, սակայն միեւնոյն ժամանակ ըսաւ, թէ բացայայտ է վերջին շրջանին Հայաստանի ժողովուրդին կողմէ անվստահութեան դրսեւորումը իշխանութեան հանդէպ, ինչ որ ներկայ իրավիճակի փոփոխութեան յոյս կը ներշնչէ, միեւնոյն ժամանակ պատգամաւորը յայտնեց, թէ ճանապարհը հեշտ չէ, կան բազում մարտահրաւէրներ:
Անդրադառնալով ներկայ մարտահրաւէրներուն, նախ ըսաւ. «Մենք ունենք մի իշխանութիւն, որը ունի թշնամական անմիջական աջակցութիւն ու ամէն գնով փորձում է պահել իշխանութիւնը», ապա ընդդիմադիր դաշտին ակնարկելով պատգամաւորը յայտնեց, թէ մենք կը դիմագրաւենք հրապարակային փոխադարձ մեղադրանքներու եւ վիրաւորանքներու գործընթաց, սակայն 2026-ի ընտրութիւններուն ընդառաջ հակամարտութիւնը բնականոն ընթացք է: Ան վստահեցուց, թէ այս փուլի աւարտին, որքան ալ շարունակուին այս մեղադրանքները, միեւնոյնն է, բոլոր կողմերը լաւապէս կ’ըմբռնեն, թէ յառաջիկայ հանգրուանին պարտաւոր են համագործակցելու, աշխատելու եւ պայմանաւորուելու, յանուն մէկ նպատակի:
Գալով այս հանգրուանին եւ 2026-ի ընտրութիւններուն ընդառաջ մեր կատարելիք գործունէութեան, Վարդանեան յայտնեց, թէ պայքար ունինք տանելիք՝ յատկապէս հանրութեան հետ կապերու սերտացման գծով, արտախորհրդարանական ուժերու հետ համագործակցութեան հարցով, որոնցմէ մէկն է օրինակի համար Բագրատ Սրբազանի առաջնորդած շարժումը, յատկապէս այսօրուան դրութեան պարագային, որով Հայաստանի տիրող իշխանութիւններուն հանդէպ անվստահելիութեան մթնոլորտը ենթահող կը պատրաստէ հաւանական փոփոխութեան:
«Փոփոխութիւնը հաւանական է, եթէ ընդդիմադիր դաշտի դերակատարները արդիւնաւէտ մարտավարութիւն որդեգրեն՝ ճիշդ մարտավարութիւն, ճիշդ հիմեր, ճիշդ գործողութիւններ, որով կը կարողանանք հասնել յաջողութեան: Հայաստանում յառաջիկայ ամիսներն ու յառաջիկայ տարին որոշիչ է լինելու, ամէն իմաստով, Հայաստանի համար, հայ ժողովուրդի համար, ազգային կառոյցների նաեւ Սփիւռքի համար, սա գոյաբանական ու անկիւնաքարային է բոլորիս համար, դրա համար է, որ ուժերի գերլարում է պէտք էս յառաջիկայ շրջանում, որովհետեւ իրականում հնարաւոր է այդ փոփոխութիւնը, բայց դա հնարաւոր է մի պարագայում, եթէ բոլոր ուժերը ուղղուած լինեն էդ փոփոխութեան:
Հարկ է աչքի առաջ ունենալ գլխաւոր նպատակ ու էդ նպատակի շուրջ լինի համագործակցութիւն: Հիմա Հայաստանում ջրբաժան է ազգայինի ու ապազգայինի, եւ կը յաղթի այն կողմը, ում նեարդերը աւելի ամուր կը լինին եւ ում համար էս դաժան պայքարին յաղթելը կը լինի գերնպատակ», եզրափակեց Վարդանեան
Նշենք, որ Քրիստինէ Վարդանեան եղած է Հ.Յ.Դ.. Հայաստանի Երիտասարդական միութեան եւ անոր Կեդրոնական վարչութեան անդամ: 20 Յունիս 2021-ին «Հայաստան» խմբակցութեան ցուցակով ընտրուած է Հ.Հ. Ազգային ժողովի պատգամաւոր։ Ան անդամ է ԱԺ-ի արտաքին յարաբերական մնայուն յանձնաժողովին, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոապական Միութիւն խորհրդարանական գործընկերութեան յանձնաժողովին: 2022 թուականէն ի վեր կը վարէ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի հանրային կապերու գրասենեակի համակարգող պատասխանատուի պաշտօնը:
Մայիս 16-19 շաբաթավերջին ընթացքին, տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Երիտասարդական Միութեան համագանատական սեմինարը, որ նուիրուած էր նահատակ ընկեր Քրիստափոր Արթինին։ Սեմինարին կարգախօսն էր «Այսօրուան երիտասարդը՝ վաղուան երդուեալը»։ Սոյն սեմինարին մասնակցեցան 122 երիտասարդականներ։
Սեմինարին ընթացքին դասախօսեց Քրիստինէ Վարդանեանը, երիտասարդական միութիւններուն դերակատարութեան մասին՝ պատրաստելու վաղուան քաղաքական դէմքերը։ Ընկերուհին իր դասախօսութենէն ետք պատրաստած էր աշխատանոց մը։ Նաեւ դասախօսեց Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի տնօրէնուհի՝ Լորի Ապրաքեան եւ Երեւանէն ժամանած Ժիրայր Պէօճէքեան:
Միւս կողմէն, 15 Մայիսին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան Ազգային Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Քրիստինէ Վարդանեանը։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու ներհայաստանեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առընչուող հարցեր։
Անոնք նաեւ անդրադարձան հայութեան դիմագրաւած ժամանակակից մարտահրաւէրներու մասին։

