ՎԱՏԻԿԱՆ.- Լեւոն ԺԴ. Ստանձնեց Պապի Պաշտօնը
ՎԱՏԻԿԱՆ․- Կիրակի, Մայիս 18-ին, տեղի ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հռոմէական Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր քահանայապետ՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ընթացքին, ան ընդունեց պապական իշխանութեան խորհրդանիշերը` «Ձկնորսի մատանին» եւ փալիումը (ոչխարի բուրդէ պատրաստուած ժապաւէն` վրան ասեղնագործուած խաչեր): Այսպիսով ան պաշտօնապէս սկսաւ իր հովուապետութեան:
Ան Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ կատարեց իր ուխտի աղօթքը եւ համանուն հրապարակին վրայ մատոյց անդրանիկ Սուրբ Պատարագը, որով սկիզբ առաւ իր առաքելութիւնը։ Պապի գահակալութեան արարողութեան սկիզբէն առաջ, ան յատուկ փոխադրակառքով շրջեցաւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ` ողջունելով հազարաւոր հաւատացեալներ:
Լեւոն ԺԴ. Պապի գահակալութեան արարողութեան ներկայ էին 156 երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններ, ներառեալ շուրջ 30 պետութիւններու ղեկավարներ եւ բարձրաստիճան հիւրեր:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս Խաչերեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Լեւոն ԺԴ. Պապի գահակալութեան։
Սրբազան Հայրերը Կաթողիկոսութեան ողջոյններն ու եղբայրական աղօթքները փոխանցեցին նորընտիր Պապին իր գահակալութենէն ետք։
Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական բոլոր աթոռները ներկայացուած էին իրենց պատուիրակներով։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը կը ներկայացնէին Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արքեպիսկոպոս՝ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք, եւ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս՝ Էջմիածնի Վատիկանի մէջ ներկայացուցիչ, իսկ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը՝ Գերշ. Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս եւ Հոգշ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։
Շաբաթ, 17 Մայիսին, Անուշաւան եւ Գեղամ Արքեպիսկոսները մասնակցեցան հիւրասիրութեան մը, զոր Խաժակ Արքեպիսկոպոս կազմակերպած էր ի պատիւ Սահակ Պատրիարք Հօր։ Կիրակի, 18 Մայիսին, Պապի գահակալութեան արարողութենէն ետք, Վատիկանը հիւրասիրեց բոլոր պատգամաւորները։ Նոյն երեկոյեան, Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները Հռոմի «Լեւոնեան» վարժարանին մէջ ներկայ եղան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ.-ի եւ իր շքախումբին կազմակերպած ընդունելութեան։

