Երեւան․- Հ.Յ.Դ.-ի Ներկայացուցիչները Այցելեցին Ուրուկուայի Դեսպանատունը
16 Մայիսին, Հ․Յ․Դ․-ի անդամ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիյեան եւ Հ․Յ․Դ․ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագիրներու ղեկավար Գէորգ Ղուկասեան այցելեցին Երեւանի մօտ Ուրուկուայի դեսպանատունը։
Անոնք Հ․Յ․Դ․-ի կողմէ ցաւակցական գրառում մը կատարեցին Ուրուկուայի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Խոսէ Մուխիքայի յիշատակին բացուած սգոյ մատեանին մէջ` վշտակցելով եղբայրական Ուրուկուայի ժողովուրդին եւ նախագահ Մուխիքայի հարազատներուն ու ընկերներուն:
Հ․Յ․Դ․-ի անդամները կարճ զրոյց մը ունեցան Ուրուկուայի նորանշանակ դեսպան Սիլվանա Լեսքա Պարոլինի հետ` շեշտելով, որ իրենք պատրաստ են ամէն ջանք գործադրելու հայ եւ ուրուկուայցի ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ:

