Փարիզի Մօտակայ Անթոնիի Մէջ՝ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի Նշում
ՓԱՐԻԶ («նnWՀայաստանի արծիւ»)․- Ապրիլ 11-ին, Անթոնի քաղաքի հանրային պարտէզին մէջ զետեղուած նշանաւոր քանդակագործ Թորոս Ռասթկելենեանի բիւրաւոր նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող եւ հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող «Հայաստանի արծիւ» յուշակոթողին առջեւ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած պաշտօնական արարողութիւնը։
Ներկայ էին եւ յուշակոթողին առջեւ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Ֆրանսայի Ծերակոյտի փոխնախագահ Փիէր Ուզուլիասը, ծերակուտականներ, քաղաքապետեր, նահանգապետական եւ քաղաքային խորհուրդներու անդամներ, Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, ֆրանսահայ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ֆրանսահայեր եւ ֆրանսացիներ։
Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան իր ելոյթին ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ժխտողականութեան եւ անպատժելիութեան դատապարտման անհրաժեշտութիւնը՝ որպէս ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ այլ յանցագործութիւններու արգիլման կարեւոր գործօն։ Ան նշեց, թէ ցաւօք, 21-րդ դարուն եւս հայ ժողովուրդը կը շարունակէ բախիլ գոյաբանական մարտահրաւէրներու, անդրադառնալով Արցախի հայ բնակչութեան դէմ իրագործուած ցեղային զտման արարքներուն։
Հայաստանի դեսպանը յատկապէս յիշատակեց ֆրանսահայ յայտնի քաղաքական գործիչ, փաստաբան եւ նախկին նախարար Փաթրիք Տէվէճեանի անգնահատելի ներդրումը՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ։
Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ քանդակագործ Թորոս Ռասթկելենռեանի եւ Փաթրիք Տէվէճեանի այրիները, տեղւոյն «ֆրանքեւհայկական ակումբ»-ի նախագահ Ուիսսամ Նեհմէ, Անթոնիի քաղաքապետ Ժան-Իվ Սենան, Հօ-տը-Սէն նահանգի նախագահը եւ այլ պաշտօնատարներ։
Աւարտին մասնակիցները ուղղուեցան ոչ-հեռու գտնուող «Փաթրիք Տէվէճեան» սրահը, ուր ընդունելութիւն մը կազմակերպուած էր։

