Լրահոս

Հրաչ Մուրատեանի Յիշատակին Արարողութիւն` Պռօշեանի Զօրաց Պանթէոնին Մէջ

Ապրիլ 2-ին Պռօշեանի Զօրաց պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան պայքարի նուիրեալ, դաշնակցական ազատամարտիկ, Պռօշեանի հրամանատար եւ նախկին գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի յիշատակին նուիրուած արարողութիւնը:

Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան օրուան տխուր առիթով անոր շիրիմը այցելեցին` Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ եւ կուսակցականներ` յարգանքի տուրք մատուցելով անոր յիշատակին:

Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեան 2 Ապրիլ 2013-ին սպաննուեցաւ գիւղապետարանին մօտ: Դիակի քննութենէն ի յայտ եկաւ, որ ան գլուխէն` աջ ականջին մօտ փամփուշտ մը ստացած էր: Դէպքէն երկու օր ետք` Ապրիլ 4-ին, սպանութիւնը կատարելու կասկածով ձերբակալուեցան նոյն գիւղի բնակիչներ Արայիկ եւ Արտակ Պետրոսեանները: Սակայն որոշ ժամանակ ետք անոնք ազատ արձակուեցան: Մինչեւ այսօր Մուրատեանի սպանութեան դէպքին տխուր առիթով յարուցուած քրէական գործով ճշգրիտ մանրամասնութիւններ չկան:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button