Սարգիս Զէյթլեանի Նահատակութեան Քառասնամեակի Նշում

Երկուշաբթի, Մարտ 24-ին, կազմակերպութեամբ Հ․Յ․Դ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ եւ հայկական արեւելումի գաղափարախօս Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 40-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Օրուան բանախօսներէն էր «Ամենաղեկավարը` Սարգիս Զէյթլեան» գիրքին հեղինակ Կարօ Յովհաննէսեան, որ դիտել տուաւ, թէ դժուար է խօսիլ կամ գրել Սարգիս Զէյթլեանի մասին, որովհետեւ բազմակողմանի եւ ընդարձակ է անոր գործունէութիւնը` ամբողջական արժեւորում կատարելու համար անոր վաստակին, աւելցնելով, որ մէկ մարդու մէջ դժուար է ունենալ` նուիրեալ ուսուցիչ-մանկավարժը, անզուգական հրապարակագիր-խմբագիրը, հեռատես քաղաքագէտը, ջղուտ հռետորը, ներհուն գաղափարախօս-տեսաբանը, պատրաստուած եւ խիզախ մտաւորականը, ինչպէս նաեւ` անմրցելի կազմակերպող ղեկավարը, եւ գրեթէ բոլորին մէջ ալ տաղանդաւոր, առաւել` նկարագիրով ուժեղ մարդը, սկզբունքի տէր անհատականութիւնը, ծառայասէր, տեսլապաշտ եւ ժողովրդակեդրոն ղեկավարը: Յովհաննէսեան դիտել տուաւ, որ Զէյթլեան կ՛ուզէր եւ կը նպատակադրէր գաղափարական հիմք տալ Դաշնակցութեան, կազմակերպութիւնը կազմակերպութեան վերածել, լայն հորիզոն տալ ընկերներուն եւ ան յաջողեցաւ այս առաքելութեան մէջ` աշխատելով, որ անոնց հետաքրքրութիւնը ըլլան Հայ դատը, Հայաստանը, հայութիւնը` ամբողջութեան մէջ: «Զէյթլեան ժողովրդակեդրոն էր: Իրեն համար Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդին սպասաւորն է: Միջոց է, ճանապարհ է, նպատակ չէ, հակառակ անոր որ ամբողջ գաղափարական մեծ իտէալի մը ջահակիրն է», հաստատեց Կարօ Յովհաննէսեան` նշելով, որ Ս. Զէյթլեան դաշնակցական դպրոցին մէջ հիմնեց իր դասարանը, որուն դրան վրայ ինք անձամբ փորագրեց «Հայկական արեւելում» բարձրաքանդակը:
Բանախօսը լուսարձակի տակ առաւ Զէյթլեանի այն համոզումը, որ հայկական կազմակերպութիւններուն ձախողութեան գլխաւոր պատճառը անհատապաշտութիւնն է, մարմիններուն վերածուիլը` անհատներու, այսպիսով հաւաքական աշխատանքին ու պատասխանատուութեան փոխարէն` տեղ տալով անձնիշխանութեան, անձնական շահերու գերադասութեան, շեշտելով, որ Զէյթլեանի համար ասիկա միայն խօսք չէր, այլ իր գործով ան հակառակը կատարեց, ծառայեց անսակարկ ոգիով եւ իր անձին ընդմէջէն ծառայութեան օրինակ եղաւ բոլորին: «Իբրեւ ղեկավար` գործեց նուիրումով, իշխանութիւնը չկեդրոնացուց իր անձին մէջ, այլ նորանոր գործակիցներ ուզեց պատրաստել` անոնց հետ բաժնելով անսակարկ նուիրում եւ սկզբունք ունենալով աշխատանքի բաժանումը` հաւաքական գործունէութեան, հաւաքական յանձնառութեան եւ հաւաքական պատասխանատուութեան ի խնդիր, որպէսզի արդիւնաւորուի հանրային աշխատանքը», նշեց ան:
Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան: Ան ըսաւ, որ Դաշնակցութեան ժամանակակից պատմութեան ամէնէն կարկառուն դէմքերէն Սարգիս Զէյթլեանի եւ անոր ընկերակից Կարօ Գոլանճեանի առեւանգման 40-ամեակի նշումը շատ հասկնալիօրէն այժմէական խորհուրդներու, մտածումներու տեղի կու տայ, բայց մանաւանդ, այդ բոլորէն մեկնած, մեր հաւաքական աշխատանքի վերակազմակերպման համար նոր ուղենիշներ կը ճշդէ:
Գանտահարեան ըսաւ, որ հայութեան թշնամիները միշտ չէ, որ դիմած են առեւանգման եւ պատանդառման միջոցին, հայութեան եւ անոր մարտունակ ուժին` Դաշնակցութեան դէմ պայքարելու ընթացքին, աւելցնելով, որ առեւանգումը հազուադէպ թիրախներու պատահած է եւ բնականաբար հետապնդած` յատուկ նպատակ, որ կը միտի ընկճել ամբողջ ազգ մը` գերիի վիճակով ներկայացնելով հայ ժողովուրդի համար հերոսական կերպար համարուած անձնաւորութիւն մը:
«Հայկական արեւելումի տեսաբան Սարգիս Զէյթլեան փաստեց, որ հայկական արեւելումը ոչ միայն ռազմավարութեամբ հիւսիսէն, հարաւէն, արեւելքէն, արեւմուտքէն դուրս ազգայինի՛ն կը վերաբերէր ընդհանուր առումով, այլ նաեւ աւելի մասնակի` լիբանանահայութեան» հաստատեց Գանտահարեան։
Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութեան պատմութեան վերջին 60 տարիներու հսկաներէն Սարգիս Զէյթլեան եղաւ կուսակցութեան զինուորն ու ղեկավարը եւ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին խոր հաւատքով, աննկուն կամքով, մշտանորոգ խիզախութեամբ գործեց ու ինկաւ գործի ճամբուն վրայ` հակադաշնակցական դաւադրութեան զոհ երթալով, Զէյթլեանի կուսակցական, հանրային, հասարակական կեանքի գործունէութիւնը բնութագրելով իբրեւ հայկական արեւելում:
Յակոբ Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ այն, որ Սարգիս Զէյթլեան անզիջող պայքարողը եղաւ խոր հաւատքին, անոր համար հայկական արեւելումը խօսք չէր, այլ` նպատակ, գործունէութեան ուղեգիծ եւ ամէնօրեայ ապրում: Այդ պատճառով ալ անոր գործունէութեան, կեցուածքներուն, արտայայտած մտքերուն եւ որոշումներուն, հետապնդած նպատակներուն ու կատարած նախաձեռնութիւններուն մէջ անվարան կը շեշտաւորուի հայկական արեւելումի գաղափարը, որուն համար ենթահող պատրաստելու սերմերը Զէյթլեան տեսաւ իր պաշտած երիտասարդութեան մէջ։
Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ Զէյթլեանի հաւատքին` համահայկական ճիգերուն, հայկական միւս կուսակցութեանց հետ երկխօսութեան, սփիւռքեան զանազան գաղութներու թէ սփիւռք-Հայաստան գործակցութեան նկատմամբ, նաեւ` այս նպատակներու իրագործման համար անոր կատարած նախաձեռնութիւններուն ու արձանագրուած արդիւնքներուն:
Իր խօսքի աւարտին Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Ու իբրեւ այս ձեռնարկին վերանորոգ ուխտ, այս սրահէն մեկնինք նոյնինքն Սարգիս Զէյթլեանի ռազմավարական թիրախը հիմնական նպատակի վերընձիւղումով` «Սեփական պետութիւնն է անխորտակելի զրահը: Ամէն բանէ վեր են հայրենիքը եւ միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը: Ահա՛ այն սրբազան իտէալը, որ իբրեւ բեւեռային աստղ պիտի առաջնորդէ մեր քայլերը` դէպի յաւերժական հայութեան լուսապայծառ ապագան»:
Ձեռնարկին ընթացքին պարբերաբար ցուցադրուեցան Սարգիս Զէյթլեանի խօսքերէն մէկը պարունակող տեսերիզներ:

