ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ
Երեւանի վարչական դատարանին մէջ կայացաւ արտաքին գործոց նախարարութեան դէմ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ՝ Քրիստինէ Վարդանեանի, Աննա Գրիգորեանի, Արթիւր Խաչատրեանի եւ Գեղամ Մանուկեանի բողոքի քննութիւնը։
Այս հայցով ընդդիմադիր պատգամաւորները կը պահանջեն, որ ոչ իրաւաչափ համարուի արտաքին գործոց նախարարի 14 Մարտ 2024-ի գրութիւնը, որուն միջոցով պատգամաւորներուն կ՛արգիլուի ծանօթանալ Ատրպէյճանի հետ քննարկուող պայմանագրի փոխանակուող նախագիծերը։
Նիստին ընթացքին պատգամաւոր Աննա Գրիգորեան յայտարարեց, որ իբրեւ Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ ունին իրաւունքը՝ ծանօթանալու տեղեկատուութեան, որովհետեւ այդ իրաւունքը իրենց տրուած է օրէնսդրութեամբ, ոչ թէ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով։
Իր կարգին, պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան դիտել տուաւ, որ Քաղաքացիական Պայմանագրի ոեւէ պատգամաւոր հնարաւորութիւն ունի ծանօթանալու նախագիծերուն եւ իրենք ոչ, որովհետեւ Փաշինեան անձնական ճաշակով կ՛որոշէ, թէ ով կրնայ նախագիծերուն ծանօթանալ։
*
Հայաստան որոշեց միանալ Լա Հէյի Իրաւարարական Մնայուն դատարանին։ Այս նպատակով ալ Ազգային Ժողովին ներկայացուեցաւ 1899-ի եւ 1907-ի խաղաղութեան համաձայնագիրները վաւերացնելու մասին օրինագիծը՝ միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանի կողմէ, որ նշեց, թէ այս համաձայնագրերուն հիման վրայ ձեւաւորուած Իրաւարարական մնայուն դատարանը կ՛ապահովէ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու միջեւ վէճերու խաղաղ լուծման հնարաւորութիւնը։
Տեղին է նշել, որ Հայաստան այնքան ատեն որ միացած չէ համաձայնագրերուն, այլ պետութիւններ կրնան հայցեր ներկայացնել Հայաստանի դէմ՝ Իրաւարարական մնայուն դատարանին մօտ։ Ներկայիս Հայաստանի դէմ ներկայացուած են երկու միջպետական եւ մէկ ներդրումային հայց։
*
Ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, Եւրոպական Միութեան արտաքին
յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս Եւրոպական Խորհուրդին ներկայացուցած է առաջարկ մը՝ Հայաստանի 10 միլիոն եւրոյի ոչ յարձակողական օժանդակութիւն տրամադրելու մասին։
Քալլասի առաջարկը ուժի մէջ կը մտնէ, եթէ անոր հաւանութիւն տան Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր 27 անդամ պետութիւնները։ Անցեալ տարի, օրինակի համար, Հունգարիա արգելափակած էր օժանդակութեան տրամադրումը՝ պահանջելով, որ Ատրպէյճան ներառուի ծրագրին մէջ։ Շաբաթներ տեւած բանակցութիւններէն ետք եւրոպացի դիւանագէտները յաջողած էին Պուտափէշթի արգելքը վերացնել։ Այս անգամ յստակ չէ Հունգարիոյ դիրքորոշումը։
*
Հայաստան Եւրոպական Միութեան մօտ պաշտպանութեան հարցերով կցորդ պիտի ունենայ, յանձինս ՆԱԹՕ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութեան կից պաշտպանական հարցերով կցորդին։ Ան համատեղութեան կարգով պիտի վարէ երկու պաշտօնները։
Կառավարութեան որոշումով, կցորդը պիտի համակարգէ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ զինուորական եւ պաշտպանութեան մարզին մէջ համագործակցութիւնը։ Այս որոշումը հիմնաւորուած է «Վերջին շրջանին պաշտպանութեան, ապահովութեան եւ զինուորական մարզերուն մէջ ՆԱԹՕ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի համագործակցութեան էական զարգացմամբ»։
*
Երեւանի ոստիկանութիւնը բերման ենթարկեց վարորդ մը, որ իր ինքնաշարժին ետին ամրացուցած ատրպէյճանի դրօշը, կ՛երթեւեկէր փողոցներուն մէջ։ Այս լուրը հաստատեց ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նարեկ Սարգսեան։
Ինքնաշարժը վարող անձին մտադրութիւնը եւ նպատակը երեւան հանելու եւ համապատասխան վարոյթ կազմելու նպատակով՝ վարորդը ներկայացած է Վաղարշապատի բաժին։
Մինչ այդ այս արարքին տեսերիզը լայնօրէն շրջանառութեան մէջ դրուած է համացանցին վրայ։ Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ երիտասարդը, որ նոր վերադարձած էր զինուորական ծառայութենէն, ուզած է անպատուել ատրպէյճանական դրօշը, որ կապած է իր ինքնաշարժին ետին՝ զայն քարշ տալու նպատակով։ Ան իր մտադրութիւնը հաստատող տեսերիզ ալ տրամադրած է ոստիկանութեան։
*
«Աբխազիոյ նախագահական ընտրութիւններուն օրը Կակրայի շրջանի ընտրատեղամասին վրայ յարձակման պատասխանատուները պիտի պատժուին», յայտարարեց նորընտիր նախագահ Պատրա Կունպա։
Յարձակման թիրախ դարձած ընտրատեղամասը հաստատուած էր տեղւոյն հայկական վարժարանին մէջ։ Յարձակողները վնասած են քուէատուփը։ Երբ ոստիկանները միջամտած են՝ յարձակողները ձերբակալելու համար, զինեալները կրակ բացած են ոստիկաններուն վրայ։ Հետապնդումներէ եւ հետախուզութիւններէ ետք, ոստիկանութիւնը յաջողեցաւ ձերբակալել հայկական դպրոցին վրայ յարձակում գործած աւազակախումբին անդամներէն եօթը։

