Լրահոս

Լոյս Տեսաւ Յարութ Չէքիճեանի «Հայկական Սփիւռքը» Հատորը

Գիրքին բովանդակութիւնը հայկական սփիւռքի հայապահպանման եւ մաշեցումն ու օտարացումը կասեցնելու ուղղուած, Արամ Ա. Վեհափառին 2022 եւ 2023 տարիները «Սփիւռքի տարի»-ներ հռչակելուն առիթով, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած, Չէքիճեանի 20 յօդուածներն են՝ 14 յունուար 2022-էն 9 յուլիս 2024:
1. Գիրքին կողքերը, ուր նշուած է հայապահպանման չորս կռուանները՝ ՏԵԴԱ, տուն եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ:
Առ այժմ մի՛այն առցանց լոյս տեսած, 202 էջ Փի Տի Էֆ ծրագիրով գիրքին յօդուածները, վերջինէն առաջին թուականով շարուած են: Յօդուածները ուսումնասիրութիւններ են, օգտուելով 118 հայ եւ օտար աղբիւրներէ: Յօդուածներուն արգասիքը՝ կ՚առաջադրէ հայապահպանման 12 գործնական առաջարկներ, գրեթէ բոլորը համացանցով գործադրելի: Հեղինակը ահազանգ կը հնչեցնէ, որ այլեւս լսարաններէ, խորհրդաժողովներէ, յօդուածներէ եւ այլն, պէտք է անցնիլ աշխատանքի՝ սկսելով գործադրել այս 12-էն ընդունելիները եւ այլ գործնական առաջարկներ:
Գիրքը կարելի է կարդալ հեղինակին կայքէջէն՝  https://haroutchekijian.wordpress.com/2025/02/28/հայկական-սփիւռքը/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button