Մ.Ա.Կ.-ի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնակատարը Կը Պահանջէ Պաքուի Գերիները Ազատ Արձակել
ԺԸՆԵՒ․- Մարտ 3-ին, Ժընեւի մէջ մարդու իրաւունքներու խորհուրդի 58րդ նստաշրջանին իր ելոյթին մէջ Մ․Ա․Կ․-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար՝ աւստրիացի Ֆոլքեր Թիւրք անդրադարձաւ Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող հայ բանտարկեալներուն նշելով, որ անոնք պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին եւ պէտք է բոլորովին պահպանուի արդար դատաքննութեան անոնց իրաւունքները։
Թիւրք նաեւ ընդգծեց, որ ուշադիր կը հետեւի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն: Ան շեշտտեց, թէ ինք կը յուսայ, որ անոնք կ՛առաջնորդեն ճշմարտութեան հաստատման եւ հաշտեցման գործընթացի մը, որուն ինք պատրաստ է իր աջակցութիւնը ցուցաբերելու:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ, արձագանգելով Ատրպէյճանի մէջ անօրինաբար պահուող հայերը անյապաղ ազատ արձակելու մասին Մ․Ա․Կ․-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Թիւրքի յայտարարութեան՝ յայտնեց, որ «արդարութեան հասնելու համար պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկել պատերազմական յանցագործութիւններու, ցեղային զտումներու, պատերազմական գործողութիւններու, խոշտանգումներու եւ այլ ծանր յանցագործութիւններու համար մեղադրուողները կամ դատապարտուողները: Միայն ճշմարտութեան բացայայտումով եւ յանցագործութիւններու հետեւանքներու վերացումով խաղաղութիւնը եւ հաշտութիւնը պիտի յաղթեն անպատժելիութեան», ըսաւ Հաճիզատէ:

