Լեւոն Մնացականեան Հաստատեց Արցախի Ազատագրական Պայքարին Մասնակցութիւնը

Պաքուի մէջ ընթացող շինծու դատավարութեան ընթացքին, Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար զօրավար Լեւոն Մնացականեան հաստատեց իր մասնակցութիւնը Արցախի ազատագրական պայքարին՝ նշելով, որ հոն, ուր ինք չէ մասնակցած, եթէ անհրաժեշտութիւնը ըլլար՝ կը մասնակցէր:
Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ, դատավարութեան ընթացքին, Արցախի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան ըսած էր, որ Հայաստանի ներգրաւուածութիւնը 44-օրեայ պատերազմին պայմանաւորուած էր Արցախի ապահովութեան երաշխաւոր ըլլալու հանգամանքով, ինչ որ իրաւական տեսանկիւնէ կը նկատուի օրինական:
Միւս կողմէն, Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքի փաստաբան Ճերըտ Կենսըր կոչ ուղղեց Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ աւելի աշխոյժ կերպով միանալու Պաքուի բանտերէն գերիները ազատ արձակելու գործին եւ բացատրեց է, թէ վարչապետ Փաշինեան ի՛նչ կրնայ ընել:
«Առաջնահերթութիւն յայտարարել գերիներու ազատ արձակումը, հրաւիրել մամլոյ ասուլիսի եւ յօդուած գրել առաջատար թերթի մը մէջ: Հանդիպում ունենալ գերիներու ընտանիքներուն հետ, դիմել Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին եւ ԵԱՀԿին` դատարանները դիտորդներ ուղարկելու խնդրանքով: Կոչ ուղղել դաշնակից երկիրներուն, որոնք դեսպանատուներ ունին Պաքուի մէջ՝ իրենց ներկայացուցիչները ուղարկել դատարանները Դիմել Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին, Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան առաջնորդներուն: Դիմել Մ․Ա․Կ․-ի Ընդհանուր քարտուղարին եւ ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին»:

