Յօդուածներ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրող Բժիշկ Կէրկէրեան Գէորգ

   Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

   Մոնրէալ,  18 Մարտ  2023

  Վերանայուած՝ 10 Յունուար 2025

Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան ծնած է Կիւրին, 1907-ի մայիսին: Անոր ծնողները եղած են՝ Յարութիւն Ն. Կէրկէրեան եւ Թերէզ Թերճանեան, որոնց ընտանիքները մեծ եւ լաւ անուն ունեցած են Կիւրինի ազգային, ընկերային եւ առեւտրական կեանքին մէջ: Գէորգ իր ծնողներուն 14 զաւակներէն միակ վերապրողը եղած է: Իբրեւ որբ վայելած է հօրեղբորորդի՝ Նազարէթ Ս. Կէրկէրեանի հայրական գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը եւ ըստ այնմ ան կարողացած է հետեւիլ երկրորդական եւ համալսարանական ուսումի:

Ան նախնական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ուզունեան Ազգային նախակրթարանը եւ Ատանայի Յիսուսեանց Սէն Փօլ գոլէճը: Կիլիկիոյ պարպումին կը վերադառնայ Պէյրութ եւ կը յաճախէ Ֆրէրներու Սաքրը Քէօր գոլէճը: Եղած է քոլէճին յաջողակ ուսանողներէն մէկը: Գոլէճին վեց տարուայ դասընթացքը վերջացուցած է 4 տարուայ ընթացքին եւ   յաջողած է ֆրանսական բժշկական դպրոցի մուտքի քննութեան:

Advertisement Subscribe Today

Ուսանողական փայլուն արդիւնքներ կ’ունենայ եւ կ’արժանանայ քանի մը պատուոյ մրցանիշներու: Յաջորդաբար համապատասխան քննութիւններէ ետք կ’անուանուի Հօթէլ Տիէօ հիւանդանոցի Extern, Interne, եւ Chef de clinique պատասխանատու պաշտօններուն: Կը մասնագիտանայ քիթ-կոկորդ-ականչ-աչք հիւանդութիւններու վիրաբուժութեան մէջ ապա կ’ընդունուի Սաքրը Քէօր հիւանդանոցը իբրեւ օգնական մասնագէտ բժիշկ եւ կը վայելէ փրոֆ. De Peyrelongue du Negrier հռչակաւոր մասնագէտներու հոգածութիւնը: 1941-ին կը ստանձնէ նոյն հիւանդանոցին մասնագէտ բժշկապետի պատասխանատու պաշտօնը, որ հմտօրէն կը վարէ երկար տարիներ:

1947-1948 բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան կը մեկնի Փարիզ եւ վեց ամիսներու մէջ կը կատարելագործէ իր մասնագիտութիւնը:

Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան եղած է իր մասնագիտութեան ճիւղի ֆրանսական եւ միջազգային գիտական միութիւններու անդամ: Մասնակցած է գիտական միջազգային համագումարներու: Առ ի գնահատանք իր բեղուն գործունէութեան որպէս օտար բացառաբար կ’արժանանայ O.R.L. Գիտական Միութեան Պատուոյ Անդամի տիտղո-սին, որ իր տեսակին առաջինը եղած է ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ:

Ան արժանացած է Լիբանանեան կառավարութեան Chevaller du Merite des Cedres-ի շքանշանին, երկար տարիներ Լիբանանի առողջապահական զարգացումին իր մատուցած ծառայութիւններուն համար: Ունեցած է զգալի ազգային գործունէութիւն, եղած է ատենապետ Հայ Կաթողիկէ  Երիտասարդաց Միութեան եւ անդամ:

Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան անդամ եղած է Լիբանանի Բժշկական Միութեան, հիմնադրութեան օրէն ի վեր: Սատարած է Միութեան վերելքին՝ գիտական, տնտեսական եւ սահմանադրական մարզերուն մէջ: Վարած է Միութեան ատենապետութիւնը երկար տարիներ: Ան իրականացուցած է Միութեան ճանաչումին լիբանանեան պե-տութեան կողմէ: Իր երազը եղած է իրականացնել Հայկական հիւանդանոցի մը հաստատութեան Պէյրութի մէջ:

Ան ամուսնացած է 1934-ին օրիորդ Արաքսիին հետ: Անոնք բախտաւորուած են երեք զաւակներով՝ Մարի-Թերէզ, Յարութիւն եւ Ժիրայր:

Բժիշկ Գէորգ Կէրկէրեան մահացած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին: Ան եւ կողակիցը՝  տիկին Արաքսին ոճիրի մը զոհ գացած են  Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին:

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button