Յօդուածներ

ՏՈՄՍ.- Կ’ԱՐԺԷ՞ ՇՈՒՆՉ ՎԱՏՆԵԼ…

 

Ս.ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

24 Փետրուար 2025

Հայաստանի քաղաքական բեմը դարձեալ ինկած է փաշինեանակերտ թակարդի մը մէջ (միակ բանը՝ որ կարող է տակաւին). մարդուկը քանի մը օր առաջ չունեցած խելապատիկէն հրապարակ նետեց նոր Հայաստանի իր գաղափարաբանութի՜ւը, եւ ահա՝ տո՛ւր որ կու տաս՝ քննարկումներ, վերլուծումներ եւ դատարկաբանութիւնները ապացուցող հակադարձութիւններ:

Կը կարծենք, որ եղածը շունչի եւ ճիգի վատնում է: Փաստօրէն, կ’արժէ՞ շունչ վատնել մարդու մը ըսածներուն կամ ըրածներուն վրայ, մանաւանդ երբ հրապարակ եկած է «գաղափարական հրաշալիքներ»-ու փունջով մը, որոնց սնանկութիւնը ապացուցուած է իւրաքանչիւր քայլափոխի:

Advertisement Subscribe Today

Կը բաւէ միայն յիշեցնել եւ այդպէսով ալ փակել մեկնաբանութիւններու շարանը. «Ա՛յ մարդակերպ արարած. դուն չէի՞ր յայտարարողը, թէ քու գաղափարաբանութիւնդ՝ գաղափարաբանութիւն… չունենալ է: Հիմա ի՜նչ ելեր ես եւ չունեցած բաներուդ հիմամբ կը փորձես մարդիկ համոզել, մոլորեցնել»:

Իսկ եթէ պէտք է անպայման այս արարածին եւ իր խմբակիցներուն մէջ «գաղափարաբանութիւն» փնտռել, քանիցս փաստուածը այլապէս հետեւեալն է. «Թուրքիա եւ Ազրպէճան, դուք ըսէ՛ք, մենք կ’ընենք»: Չէ՞ որ Երեւանի քաղաքապետն ալ նման խոստմնալի՜ց «գաղափարաբանութեամբ» ընտրարշաւ վարեց եւ հիմա, ա՛լ թզենիի տերեւ կը փնտռէ՝ իր մտային ու գործելու կարողութիւններուն մերկութիւնը ծածկելու համար: Չար բախտէն, ձմեռ է, ծառերը տերեւաթափ եղած են:

Փանջունին հիմա կրնայ հանգի՜ստ ննջել: Զինք գերազանցողներու ամբողջ փաղանգ մը ունինք:

…Ճիգ ու շունչ պահանջողը ուրի՛շ բան է. հայրենապաշտպաններու համախմբումով՝ համաձայնութիւն գոյացնել ամբողջական տարազի մը շուրջ, որպէսզի այս ան-գաղափարները հեռացուին երկրի ղեկէն, քանի յաւելեալ կորուստներ չեն բերած հայրենիքին ու ազգին:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button