Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչները Տեսակցեցան Հայ Գերիներուն Հետ
ՊԱՔՈՒ․- Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի ներկայացուցիչները տարեվերջին տեսակցեցան Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ գերիներուն հետ, որոնց կարգին՝ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան։
Ասոր զուգահեռ, ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի գործերով դատավարութիւնը պիտի սկսի Յունուար 17-ին։ Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը քրէական գործեր յարուցած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն նկատմամբ: Սեպտեմբեր 2023-ին, Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի գործադրած զանգուածային ռազմական յարձակումին պատճառով, անոնք ապօրինաբար ձերբակալուեցան եւ տարուեցան Պաքու:
Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ոչ միայն խօսք չկայ Պաքուի մէջ պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան մասին, այլ` ընդհակառակն, իր յայտարարութիւններով, իր մամուլի ասուլիսներուն ընթացքին կը կատարէ այնպիսի ապազգային, հակահայկական եւ անբարոյական յայտարարութիւններ, որոնց պատճառով այնտեղ գտնուող ղեկավարութեան քրէական գործերը կը բազմանան։


