Լրահոս

Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութիւններու Տարածաշրջանային Խորհրդաժողով

Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ 1-էն 3 Նոյեմբերին, Մոնրէալի մէջ, նախաձեռնութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին եւ կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ մարմինին գումարուեցաւ Հ․Յ․Դ․ Պատանեկան միութիւններու պատանիներու յատուկ խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցէին Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ եւ Գանատայի Պատանեկան միութիւններէն յիսուն պատանիներ եւ վարիչներ:

ARF Youth_template – DI post (4)

Եռօրեայ խորհրդաժողովին պատանիները դասախօսութիւններ լսեցին պատանիի դաստիարակութեան, տիպարին եւ առաքելութեան, նաեւ Արցախի ու Հայ Դատի մասին:Մարդուժի պատրաստութեան շրջագծին մէջ, կազմակերպուած այս գործունէութիւնը հիմնականօրէն կը նպատակադրէր պատանիներու ներկազմակերպական տեղեկութիւններու, գիտելիքներու եւ հմտութիւններու տարածքը ընդարձակել ընդգրկելով․-
ա. Տարածաշրջանի Հ․Յ․Դ․ Պատանեկան միութիւններուն վերաբերող կազմակերպական քննարկումներ եւ սերտողութիւններ,
բ. Ծանօթանալ տարածաշրջանի պատանիներու մտահոգութիւններուն, ազգային եւ միութենական հարցերու մօտեցումներուն, մտահորիզոնին ու հեռանկարներուն,
գ. Նպաստել պատանիներու կազմակերպական փորձառութեան ձեռքբերման եւ տարածաշրջանի Պատանեկան միութիւններուն եւ պատանիներուն միջեւ ընկերական յարաբերութիւններու սերտացման:
Խորհրդաժողովը նաեւ կը միտէր խորացնել Հ․Յ․Դ․ Պատանեկան միութիւնները մէկ ընտանիքի պատկանելու միտքը եւ մեր գաղափարական դաստիարակութիւնը ներթափանցելի դարձնել պատանիներու կրթութեան մէջ, միաժամանակ պատրաստելով ապագայ մարդուժի տուեալներու անձնադարան:
Խորհրդաժողովի օրակարգը ընդգրկեց նաեւ զրոյցներ եւ շրջապտոյտներ:

 

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button