ԳլխաւորԼրահոս

Պոլսոյ Մէջ Տեղի Ունեցաւ «3+3» Հարթակը

 

Հոկտեմբեր 18-ին, Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ տարածաշրջանային խորհրդակցութեան «3+3» հարթակի,– որ բաղկացած է Թուրքիայէն, Իրանէն, Ռուսաստանէն, Հայաստանէն, Ատրպէյճանէն եւ Վրաստանէն։ Այս վերջինը անգամ մը եւս բացակայեցաւ, Մոսկուայի ներկայութեան պատճառաւ։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան տեղեկացուց, թէ Հայաստանի հետ պատմական եւ պաշտօնական խաղաղութիւնը ճամբայ պիտի հարթէ շրջանին մէջ կայունութեան, բարգաւաճման եւ զարգացման:

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեան, իր կարգին յայտնեց, թէ Երեւան մեծ նշանակութիւն կ՚ընծայէ տարածաշրջանային խորհրդակցութիւններուն ու շփումներուն։

 

 

Advertisement Subscribe Today

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button