ԱմերիկահայԼրահոս
Փրովիտենսի Մէջ․- «Աղ Եւ Լոյս» Ծրագիր
Երկուշաբթի, Մարտ 11-ին, Փրովիտենսի (Ռոտ Այլընտ) Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ «Աղ եւ լոյս» երիտասարդական առաքելութիւնը։ Խումբը բաղկացած է 11 պատանիներէ, մեծ մասը՝ նորեկներ։ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան՝ եկեղեցւոյ հոգեիոր հովիւը, աղօթեց պատանիներուն հետ եւ ծրագրի ընդհանուր ներկայացումը կատարեց։ Ճաշէն ետք, պատանիներն ու համակարգողները մասնակցեցան շարք մը ձեռնարկներու։


