Բազմաթիւ տեսանիւթեր ցոյց կու տան, թէ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ գտնուող Արցախի Ազգային ժողովի շէնքը քանդուած է։
Արցախի մշակութային ժառանգութեամբ զբաղող «Monument Watch» կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ ատրպէյճանցիները Ստեփանակերտի մէջ քանդած են աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յուշարձանը:
Փորձագէտները բազմիցս ահազանգած են Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի մէջ հայկական հետքը վերացնելու մասին: Արցախի մէջ եկեղեցիներու վրայէն նաեւ խաչերը կը հեռացուին, պատմական կոթողներ կը վերացուին: Տարբեր հաշուարկներով` Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ է 4000-էն 6000 յուշարձան, որոնց շարքին` եկեղեցիներ, խաչքարեր, ամրոցներ:
*
Արցախի մշակութային ժառանգութեանց պահպանումը եւ փոխանցումը նոր սերունդներուն՝ իւրաքանչիւրին սրբազան առաքելութիւնն է։ Այդ նպատակին համար գոյացած է Մեծի Տան Կիլիկիոյ հովանաւորութեամբ «Արցախեան Մշակոյթի Պահպանման Կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը։
Ուստի, յիշեալ կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած է համազգային դրամահաւաք՝ այս նպատակին համար, որ սկիզբ առաւ Փետրուար 20-ին եւ արդիւնքները պիտի յայտարարուին Մարտ 23-ին։
Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, համազգային դրամահաւաքին ողջոյնի խօսք փոխանցեց Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։
Իր խօսքին մէջ, առաջին հերթին, Շահան Արք. ողջունեց Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու կոչուած յիշեալ կեդրոնին հաստատման նախաձեռնութիւնը եւ շեշտեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ եղած է ու պիտի մնայ Արցախի ու արցախահայութեան կողքին։ Անդրադառնալով յատկապէս մշակութային մարզին՝ սրբազան հայրը ըսաւ. «Անթիլիասական հրատարակութիւններէն մինչեւ մասնաւոր համագումարներու կազմակերպումը, մեր երիտասարդութիւնն ու մեր ժողովուրդը հաղորդ պահեցինք համահայկական եւ արցախեան արժէքներուն՝ ինքնութեան եւ պատկանելիութեան գիտակցութեան խորացումով»։
Իր խօսքին աւարտին, Շահան Արք. ընդգծեց կարեւորութիւնը «Արցախեան Մշակոյթի Պահպանման Կեդրոն»-ին, որովհետեւ մշակոյթը ինքնութիւնը կերտող կարեւորագոյն հիմքերէն է, որուն իւրացման եւ անոր հետ նոյնացման ընթացքով պիտի կարելի ըլլալ պահել Արցախը՝ Արցախի սահմաններէն անդին, նիւթաբարոյական աջակցութեամբ գործնապէս պիտի նպաստուի Արցախի մշակոյթին վերակենդանացումին եւ վերածաղկումին։


