Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեան Վախճանեցաւ
Դեկտեմբեր 17-ին Մոնրէալի մէջ վախճանեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւորականներէն Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, որ 61 տարի ծառայած է Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ:
Տ. Սուրէն Սրբազանը ծնած է Յունիս 21, 1939-ին, Հալէպ: Աւազանի անունն է Աբրահամ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգային Ուսումնասիրաց եւ Հայկազեան Վարժարաններուն մէջ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք ընդունուած է Հոկտեմբեր 1954-ին:
Աւարտելով դպրեվանքի Ժառանգաւորաց բաժինը, Սարկաւագ ձեռնադրուած է Յունիս 22, 1959-ին, ձեռամբ Ճեզիրէի (Սուրիա) Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի:
Կուսակրօն Եկեղեցական ձեռնադրուած եւ օծուած է Յունիս 24, 1962-ին, ձեռամբ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի, եւ վերակոչուած՝ Տ. Սուրէն Աբեղայ: Վարդապետական Գաւազան ստացած է Նոյեմբեր 3, 1963-ին, ձեռամբ Լիբանանի Առաջնորդ Տաճատ Արք. Ուրֆալեանի, աւարտաճառ ներկայացնելով «Հայոց Եկեղեցւոյ Եօթը Խորհուրդներու Պատմական ու կանոնական զարգացումը՝ ըստ Հայց. Եկեղեցւոյ կանոնագրութեանց»:
Դեկտեմբեր 23, 1965-ին, որպէս հոգեւոր հովիւ, գործուղուած է Մոնրէալ, ուր մնացած է ութը տարի:
Իր հովուութեան շրջանին կարեւորագոյն աշխատանքներէն մին եղած է Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ Հայց. Եկեղեցւոյ եւ Հայ Կեդրոնի շինարարական ծրագրին իրագործումը:
Յուլիս 15, 1977-ին Բերիոյ Թեմի Ազգային Վարչութեան Խառն Ժողովին կողմէ (Կրօնական եւ Քաղաքական) ընտրուած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ: Հալէպ ժամանած է Սեպտեմբեր 10, 1977-ին, եւ Հոկտեմբեր 15, 1977-ին Թեմի Ազգային Գաւառական Ժողովին կողմէ ընտրուած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ:
30 Հոկտեմբեր 1977-ին Եպիսկոպոս ձեռնադրուած եւ օծուած է, ձեռամբ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:
Անոր Առաջնորդութեան շրջանին Բերիոյ Թեմը արձանագրած է շինարարական վիթխարի իրագործումներ, որոնցմէ այստեղ կ’արձանագրենք միայն գլխաւորները.
– Երկուտասնեակ շէնքեր, որոնց մէջ բնակութիւն հաստատած են կրթական մշակներ, Քահանայ հայրեր, նորապսակ ամոլներ, ազգայիններ եւ յատկապէս գէմբերէն տեղահանուած հարիւրաւոր ընտանիքներ:
– «Սրբոց Քառասնից Մանկանց» Մայր Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող հնադարեան Ս. Աստուածածին Եկեղեցին վերածուած է գանձատան, եւ որուն մէջ ամփոփուած են հինգ հարիւր տարուան մշակութային եւ հնագիտական արժէք ներկայացնող եկեղեցական սպասներ: Գանձատունը անուանակոչուած է Զարեհեան Գանձատուն, ի յիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (այստեղ հարկ է արձանագրել, որ Զարեհ Եպիսկոպոս 1940-1956 եղած է Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ):
– «Քարէն Եփփէ» Ազգային Ճեմարանի շրջափակին մէջ եռայարկ շէնք մը՝ հետզհետէ աճող ուսանողութեան համար:
– Ազգային «Կիւլպէնկեան» Վարժարանի նորակառոյց շէնքը՝ իր ներքնայարկ Եսայեան գեղակերտ թատերասրահով:
– Ազգային «Հայկազեան» վարժարանի տղոց բաժնի համար գնուած է նոր շէնք մը եւ բարեզարդուած:
– Ազգային «Սահակեան» Վարժարանի մանկապարտէզի նոր շէնքը:
– Ազգային Առաջնորդարանի շէնքին ընդարձակումը:
– «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային Կեդրոնը:
– Հին «Կիւլպէնկեան» հողին վրայ կառուցուած է գեղակերտ շէնք մը, որպէս հաւաքատեղի եւ ժողովատեղի Սիւլէյմանիէի շրջանի Համազգայինի, Օգնութեան Խաչի եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ի մասնաճիւղերուն: Շէնքը անուանակոչուած է Սիմոն Վրացեան Կեդրոն:
– Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի Նոր Գիւղի ընկերաբժշկական դարմանատունը իր ժողովասրահներով եւ գետնայարկի դերձակատունով:
– Առանձնակի պէտք է արձանագրել Տէր Զօրի Նահատակաց Յուշահամալիրը եւ Մարկատէի անապատին մէջ նահատակներու աճիւններուն վրայ կառուցուած Սուրբ Յարութիւն Մատուռը:
– Հայ Ծերանոցի կողքին Արեւիկ թերաճ մանուկներու եւ պատանիներու դպրոցը:
Սրբազանը լոյս ընծայած է հետեւեալ գիրքերը.
– Սաղմոսագիրքի աշխարհաբար թարգմանութիւն՝ հանդերձ գրաբար բնագրին, Հալէպ (1996):
– Առակաց գիրքի աշխարհաբար թարգմանութիւն՝ հանդերձ գրաբար բնագրին, Հալէպ (1997):
– Սուրբ Պատարագի երգեցողութեան փոքր գրքոյկ մը՝ Սուրբ Պատարագի մեկնաբանութեամբ, Հալէպ (1998):
– Ատենի Աւետարան՝ գրաբար եւ աշխարհաբար, Մոնրէալ (2013):
– Տօնացոյց Հայց. Եկեղեցւոյ, Մոնթրէալ (2013):
– Պատկերազարդ Ծիսական Բառարան, Մոնրէալ (2014):
– Հաւատքի եւ Ծառայութեան Ուղիներով, Մոնթրէալ (2015):
– Իննսունամեայ հունձքը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին, Մոնրէալ (2020):
Իր վերջին աշխատութիւնն է՝ «Բացատրութիւն եւ Մեկնաբանութիւն Ս. պատարագի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ» գրքոյկը:
Բերիոյ Թեմի 27 տարիներու ծառայութեան որպէս գնահատանք, Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Մեծարգոյ Տիար Սերժ Սարգիսեան Սեպտեմբեր 3, 2011-ին Մովսէս Խորենացի մետալով պարգեւատրած է Սրբազանը:
2004-էն ի վեր Սրբազանը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ, որպէս հոգեւոր տեսուչ, կը ծառայէր Մոնրէալի Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ:



