Լրահոս

Հայաստան-Թուրքիա Սահմանի «Մարգարա» Անցակէտը Պատրաստ Է

ԵՐԵՒԱՆ․- Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ հայ-թրքական սահմանի «Մարգարա» անցակէտը պատրաստ է շահագործման:

«Հայկական կողմը կ՛ակնկալէ թրքական կողմէն եւս դրական ազդակներ ստանալ երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու եւ դիւանագիտական անձնագիրներ ունեցողներու համար սահմանը բանալու վերաբերեալ», նշած են արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Advertisement Subscribe Today

Ազգային ժողովի փոխնախագահ եւ հայ-թրքական կարգաւորման հարցով յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանն ալ առանց այլ մանրամասնութիւն յայտնելու ըսաւ, որ Երեւանի ու Անգարայի յատուկ ներկայացուցիչներու հաւանական հանդիպման մասին քննարկում այս պահուն չկայ:

Բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըչ պաշտօնական չորս հանդիպում ունեցած են, վերջինը շուրջ մէկուկէս տարի առաջ` Վիեննայի մէջ: Այդ հանդիպումին կողմերը պայմանաւորուած էին բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն համար ամէնէն սեղմ ժամկէտներուն մէջ:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button