Լրահոս

Հ․Հ․ Ազգային Ժողովը Դէմ Քուէարկեց «Հայաքուէ»-ին 

ԵՐԵՒԱՆ․- «Հայաքուէ»-ի նախաձեռնութեան` Արցախի մասին օրէնքի նախագիծը չընդգրկուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի լիագումար նիստի օրակարգին վրայ, 26 թերի դէմ, 57 դէմ ձայներ ստանալուն պատճառաւ։

Սպասելին պատահեցաւ եւ իշխող «Իմ Քայլ»-ական մեծամասնութիւնը դէմ քուէարկեց:

Advertisement Subscribe Today

Եօթ ժամ տեւած թէժ քննարկումէ ետք Ազգային ժողովի պետաիրաւական յանձնախումբը բացասական եզրակացութիւն տուած էր օրէնքի նախագիծին:

58 հազար քաղաքացիի ստորագրութեամբ խորհրդարան հասած նախագիծը կ՛առաջարկէր քրէական օրէնսգիրքին մէջ կատարել հետեւեալ լրացումը. «Հայաստանի Հանրապետութեան անունով Լեռնային Ղարաբաղը որեւէ այլ պետութեան կազմին մէջ ճանչնալը, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն հրաժարիլը, Հայոց ցեղասպանութիւնը հրապարակայնօրէն հերքելը, արդարացնելը կամ անոր վտանգաւորութիւնը նսեմացնելը կը պատժուի ազատազրկումով 10-18 տարի ժամկէտով»:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button