ԳլխաւորԼրահոս

Դիւանագիտական Յարաբերութիւններ՝ Հայաստանի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ

 


Նոյեմբեր 25-ին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութեան միջեւ ստորագրուած է դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին արձանագրութիւն: Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ արձանագրութիւնը ստորագրուած է Ապու Տապիի մէջ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Գրիգորեանի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Սուլթան պըն Ապտալլա Անքարի կողմէ:

Երկու երկիրները հաստատած են դիւանագիտական յարաբերութիւններ` առաջնորդուելով երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ համագործակցութեան ծիրը ընդլայնելու, միջազգային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան ապահովման աջակցելու ձգտումով: Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման մասին փաստաթուղթը կ՛արձանագրէ երկու երկիրներու ցանկութիւնը` ամրապնդելու արդիւնաւէտ համագործակցութեան կապերը քաղաքական, տնտեսական, ճարտարագիտական, զարգացման, առեւտուրի եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ` տարբեր բնագաւառներու մէջ ջերմ յարաբերութիւններու հաստատման երկուստեք ձգտումները իրականացնելու նպատակով:

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button