Մարդասիրական Պատմութեան Նոր Գիրք Մը՝ «A Bridge between East and West»
«Action Chrétienne en Orient»-ը (ACO) Արեւելքին ծայառելու առաքելութեան մտասեւեռումով ծնունդ առած աւետարանական կազմակերպութիւն մըն է, հիմնուած Սթրազպուրկի մէջ, 1922-ին: Ան շուտով կը ծաւալի եւ կ’ունենայ իրեն աջակից ու օժանդակ մասնաճիւղեր Հոլանտայի ու Զուիցերիոյ մէջ:
Կազմակերպութիւնը դաշտային ծառայողներ կ’առաքէ, որոնք բժշկական, նիւթական եւ հոգեկան աջակցութիւն կ’ունենան Հալէպի հայութեան՝ 1920-30-ականներուն, միաժամանակ՝ տակաւ կ’ընդարձակէ իր գործունէութիւնը Սուրիոյ այլ վայրեր, ապա եւ Լիբանան ու Իրան:
Կազմակերպութիւնը այսօր կը շարունակէ իր գործունէութիւնը գործընկերութեան ձեւաչափով մը, ուր ընդգրկուած են Միջին Արեւելքի եւ Եւրոպայի աւետարանական եկեղեցիները: Այս գործընկերութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունին հայ աւետարանական եկեղեցիները:
Իր հիմնադրութեան հարիւրամեակին առթիւ, կազմակերպութիւնը հրատարակեց «A Bridge between East and West» վերնագրեալ գիրքը, որ կը պարունակէ հարցազրոյցներ՝ կազմակերպութեան հետ եւ անոր համար աշխատած 25 անձերու հետ:
Հարցազրոյցին մասնակիցները կը պատմեն իրենց աշխատանքային փորձառութեան եւ կազմակերպութեան առաքելութեան գործունէութեան մասին: Այս հարցազրոյցներուն համադրութիւնը կը գծագրէ համապատակերը կազմակերպութեան վերջին տասնամեակներու պատմութեան եւ կը բացայայտէ կապը՝ Եւրոպայի ու Միջին Արեւելքի աւետարանականներուն միջեւ:
Հատորը խմբագրած են Թոմըս Վուալտ եւ Ուիլպըրթ Վան Սաան:


