ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Արցախի եւ Հայաստանի շուրջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին լոյսին տակ, Հայ Դատի յանձնախումբերու մարտավարական առաջնահերթութիւններու վերանայման եւ ընթացիկ աշխատանքներու քննարկման նպատակով, Հոկտեմբեր 14-15-ին, տեղի ունեցաւ Հայ Դատի Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, հիւրընկալութեամբ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբին։
Խորհրդաժողովի բացման խօսքին մէջ, Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը կարեւորեց ստեղծուած աղէտալի իրավիճակին մէջ, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու համար պայքարը նոր ուժով եւ նոր շեշտաւորումներով շարունակելու կարեւորութիւնն ու այն վիթխարի պատասխանատուութիւնը, որ Հայ Դատի յանձնախումբերն ու գրասենեակները կը կրեն։ Տէր Խաչատուրեան նկատեց, որ յուսահատութիւնը կրնայ առաջնորդել նոր աղէտներու, ուստի համազգային մակարդակով ընկճուածութեան յաղթահարումն ու պայքարի ուժեղացումը այլընտրանք չունին աւելցնելով, որ այս խորհրդաժողովը պատշաճ հարթակ է սպառնացող մարտահրաւէրները քննարկելու եւ Հայաստանի ու Արցախի իրաւունքների պաշտպանութեան շուրջ անհրաժեշտ առաջնահերթութիւնները ճշգրտելու ուղղութեամբ։
Խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկուեցան Հայ Դատի քաղաքական առաջնահերթութիւններու մարտավարական վերանայման եւ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններու վերայստակեցմանն ուղղուած օրակարգային հարցերու լայն շրջանակ։
Խորհրդաժողովը մեծ կարեւորութեամբ շեշտեց Արցախի ժողովուրդի բռնի տեղահանման հետեւանքով ստեղծուած ազգային ճգնաժամին դիմակայելու հրամայականը։ Քննարկուեցան Արցախէն բռնի տեղահանուած հայրենակիցներու համար արժանապատիւ կեցութեան եւ կենցաղի պայմաններու ստեղծման միջազգայնօրէն օժանդակելու հակաճգնաժամային խնդիրները։ Քննարկուեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան պետականութեան հիմնական սիւներու պահպանումին եւ յետագայ աշխատանքներու վերաբերեալ հարցերը։ Օրակարգի վրայ էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան պաշտպանութիւնը, նաեւ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառման անհրաժեշտութեան եւ այդ ուղղութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքներուն։ Հայ անկախ պետականութեան համար անհրաժեշտ արտաքին օժանդակութիւն ապահովելը եւ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան միջազգային քաղաքական եւ իրաւական պատասխանատուութեան ենթարկելը պիտի մնան Հայ Դատի յանձնախումբերու գործունէութեան կարեւորագոյն ուղղութիւնները։
Ժողովականները հաստատեցին, որ Հայաստանի իշխանութիւններու շարք մը դիրքորոշումները յաճախ կ՛օգտագործուին ատրպէյճանաթրքական պետական շրջանակներու եւ լոպպիստներու կողմէ՝ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքներուն հակազդելու համար։
Խորհրդաժողովի ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ատրպէյճանաթրքական լոպպիստական կառոյցներու աշխատանքներուն հակազդելու գործընթացը, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու կարողականութեան շարունակական ընդլայնումն ու երիտասարդութեան ներգրաւումը, շարունակ նոր նախաձեռնութիւններով եւ ծրագրերով։


