
Մայիս 18-20-ին, Փրաւիտընսի (Ռոտ Այլընտ) մէջ կը գումարուի Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի ազգային երեսփոխանական ժողովը, բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի նախագահութեամբ։ Բոլոր ծուխերէն ժամանած երեսփոխանները կը հիւրընկալուին տեղւոյն «Սրբոց Վարդանանց» եկեղեցւոյ կողմէ։ Ժողովին պիտի քննուին կանոնագրային փոփոխութիւններ եւ ելեւմտական հարցեր, ներառեալ՝ Ազգային Առաջնորդարանի 2023-2024ի պիւտճէն, ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու ընտրութիւններ։ Նաեւ օրակարգի վրայ է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովուապետական այցելութիւնը։
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, եւ հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Լեւոն Աթթարեան, ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեցին։ Վեհափառ Հայրապետի նամակի ընթերցումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը տուաւ ժողովին, որմէ ետք Ազգային Վարչութեան տեղեկագիրը ներկայացուեցաւ։
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Արեւելեան Թեմի Միացեալ Նահանգներու ծուխերը պիտի այցելէ Հոկտեմբեր 19-էն մինչեւ Նոյեմբեր 21։