Իշխան Սաղաթէլեանի Այցելութիւնը՝ Ա․Մ․Ն․

0 0
Read Time:2 Minute, 12 Second

 


Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակ այցելութռան ժամանակ, Հայ Դատի նուիրեալներ՝ Կարօ Արմենեանի եւ Ա․Մ․Ն․ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն՝ Արամ Համբարեանին հետ

Ա․Մ․Ն․ կը գտնուի Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ  եւ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանը։ Առաջին հերթին ան այցելեց Քալիֆորնիա։ Ապա ան այցելեց Տիթրոյթ (Ապրիլ 11), Ուաշինկթըն (Ապրիլ 12) եւՆիւ Ճըրզի (Ապրիլ 13), ապա Նիւ Եորք (Ապրիլ 14) եւ Պոսթըն (Ապրիլ 15-16)։ Անոր զեկոյցները Հայաստանի, Արցախի եւ Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի մարտահրաւէրներուն մասին էին։ Նաեւ ան ներկայացուց  Արցախի ու Հայաստանի այսօրուայ քաղաքական իրավիճակն ու հեռանկարները:

Երկուշաբթի Ապրիլ 10-ին Հ․Յ․Դ․ Արևմտեան Ա․Մ․Ն․-ի Կեդրոնական Կոմիտէի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ժողովրդական հաւաք-հանդիպումը՝ Իշխան Սաղաթելեանի հետ, Պըրպէնքի «Պէշիր Մարտիրոսեան» Երիտասարդական կեդրոնի մարզադաշտին մէջ, տեղւոյն «Աղբալեան» կոմիտէութեան հիւրընկալութեամբ:

Աւելի քան 700 մասնակիցների ներկայութեամբ հանդիպումը սկսաւ Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: Հ․Յ․Դ․ Արևմտեան Ա․Մ․Ն․-ի կեդրոնական կոմիտէի անդամ՝ Լևոն Պարոնեանի բացման խօսքէն ետք, բեմ բարձրացաւ կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ՝Տարօն Տէր Խաչատուրեանը:

Իր խօսքին մէջ Տարօն Տէր Խաչատուրեան ըսաւ․- «Կարծէք բաւարար չըլլային Հայաստանի անկախութենէն ի վեր – նաեւ վերջին տարիներուն սաստկացած արտագաղթելու երեւոյթը, 2018-ին սկսած թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք եկան բոլորիս տառապանքին աւելնալու ազգային արժէքներու քանդումը, Հայաստանեայց սուրբ եկեղեցու վարկազրկումը, հայկական բանակի փորձառու քատրերու անհասկնալի վանումը, զինուժի կորովի և մարտունակութեան իջեցումը, դպրոցական ազգային դաստիարակութեան կոտորակումը, Հայաստանի դրացի և դարաւոր բարեկամ երկիրներու հետ յարաբերութեանց նոսրացումը, հայկական մշակոյթի մէջ փողոցային վարքի ու լեզուի սրսկումը: Կարծէք այս բոլորին կուտակումով, ազգային անվտանգութեան բացթողումները ըլլային նախապայմանները արտադրելու Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի – չըսելու համար – բեմականացուած պարտութիւնը», ապա ան դրուատեց Հ․Յ․Դ․-ի Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը, իբրեւ մէկ կարեւոր օղակը մեր կազմակերպութեան, որ աշխատանքո՛վ է  իջել հրապարակ, յանձինս իր ներկայացուցիչին և մեր հայաստանեան կառոյցին: «Կ’ակնկալենք որ համայն հայութիւնը, որ քաջածանօթ է Հ․Յ․Դ․-ի անցեալին, տեսլականին ու հանգանակին, աւելիո՛վ եւս կը փառի դէպի Հ․Յ․Դ․-ն ու անոր ազգային գաղափարախօսութեանը:», շեշտեց Տարօն Տէր Խաչատուրեանը:

Ապա ներկայացուեցաւ Իշխան Սաղաթէլեանի համառօտ կենսագրականը և խօսափողը փոխանցեց Իշխան Սաղաթելեանին: Սաղաթէլեան շուրջ մէկ ժամ ամբողջական պատկերով ներկայացուց Հայաստանի ու Արցախի ներկայ իրավիճակը և բացատրեց թէ ինչ այլընտրանքային լուծումներ կան, որ իշխող քաղաքականութեան արմատական փոփոխութեան պարագային կարելի է երկիրը դուրս բերել ճգնաժամէն: Սաղաթէլեանի նաև կարևորութեամբ նշեց այն կարևորութեան մասին, որ ունի Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը և աւելցուց, որ այդ եռամիասնութեանը թիրախ դարձած են թէ Թուրքիան և թէ Հայաստանի իշխանութիւնները: Իր խօսքերու այս բաժնին մէջ, ան նաև անդրադարձաւ այն բաժանարար քաղաքականութեան որ Հ․Հ․ իշխանութիւնները իրենց համապատասխան կառոյցներով կ՛իրականացնեն սփիւռքի մէջ:

Իշխան Սաղաթէլեանի խօսքէն ետ, առիթ տրուեցաւ ներկաներուն որ կատարուի հարց-պատասխան։ Հանդիպումը տևեց մինչև ուշ գիշեր եւ պաշտօնական բաժնի փակումէն ետք, տեղի ունեցաւ յաւելեալ զրոյց։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles