Վեր. Պարգեւ Ն. Տարագճեանի Անմեռ Յիշատակին (Փետրուար 24, 1925 – Ապրիլ 6, 2023)

0 0
Read Time:4 Minute, 17 Second

Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեան

Գործադիր Տնօրէն Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի

Ապրիլ 6, 2023-ին ի Տէր ննջեց Վեր. Պարգեւ Ն. Տարագճեան՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ ներկայ հովուական դասուն պատկանող տարիքով երիցագոյն հոգեւոր հովիւը: Տասնամեակէ մը ի վեր՝ առողջական պատճառներով  շրջագայութենէ դադրած՝ իր տան մէջ խնամքի եւ հոգածութեան ենթակայ էր:

Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ խորահմուտ տեսաբան, բազմաբեղուն հեղինակ եւ հանրածանօթ հրապարակագիր, վեր. Պարգեւ Տարագճեան շուրջ երեք քառորդ դար աւետարանական ոգիով ներշնչեց իրերայաջորդ սերունդներ՝ իր խօսքով, գրչով, գործով եւ կեանքով:

Մեծ եւ անփոխարինելի եղաւ վաստակը հանգուցեալ վերապատուելիին՝ իբրեւ յառաջապահ նուիրեալ եկեղեցական, վաստակաշատ խմբագիր, ընտիր մտաւորական, երիտասարդներու ժողովրդական ղեկավար եւ պարտաճանաչ ժողովական:

Հանգուցեալը ծնած էր 1925-ին Ալեքսանտրէթի շրջանի Գըրըքխան քաղաքի մէջ: Կրտսերագոյն զաւակն էր Պատուելի Նազարէթ եւ Տիկին Արուսեակ Տարագճեանի: Մէկ ու կէս տարեկանին դժբախտութիւնը ունեցած էր իր հայրը կորսնցնելու:

Թուրքիայէն Սուրիա փոխադրուելով՝ Տարագճեան ընտանիքը հաստատուած էր Հալէպ, ուր պատանի Պարգեւ իր նախակրթարանի ուսումը ստացաւ Բեթել Հայ Աւետ. վարժարանին մէջ: Տնտեսական աննպաստ պարագաներու բերումով՝ ան չկրցաւ շարունակել իր երկրորդական եւ գոլէճական ուսումը: Բայց ուսումնատենչ պատանին, ինքնաշխատութեամբ ինքզինք զարգացուց շնորհիւ իր անյագ ընթերցասիրութեան: Իր ուսման հանդէպ ունեցած անսահման հետաքրքրութիւնն ու սէրը մղեցին զինք ուսման մակարդակը բարձրացնելու եւ կարենալ ձեռք բերելու երկրորդական վարժարանի մակարդակի համապատասխան վկայական:

Շնորհիւ Պէյրութի Հայկազեան Գոլէճի նախագահ՝ Դոկտ. Ճան Մարգարեանի բարեացակամութեան եւ իր Տիկնոջ Արմինէ Տարագճեանի բարոյական քաջալերութեան եւ նիւթապէս ընտանիքին ծախսերը լիովին հոգալու յանձնառութեան եւ զոհողութեան՝ Պարգեւ կրցաւ Հայկազեան Գոլեճի մէջ իր ուսումը ստանալ 33 տարեկանին: Ապա, իր համալսարանական եւ աստուածաբանական ուսումը շարունակեց Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանին մէջ, որմէ շրջանաւարտ եղաւ 1965-ին (40 տարեկանին), ստանալով Պսակաւոր Արուեստից եւ Պսակաւոր Աստուածաբանութեան զոյգ տիտղոսները:

Հոգեւոր ծառայութեան իր առաջին գործը եղաւ՝ դառնալ վարիչ Տնօրէն Քրիստոնէական Ջանից Միութեան եւ օգնական խմբագիր Ջանասէր եւ Պատանեկան Արձագանգ թերթերուն: Այնուհետեւ, 1970-ին, երբ այս զոյգ թերթերուն խմբագրապետը՝ Վեր. Մանասէ Շնորհօքեան հանգստեան կոչուեցաւ՝ Տարագճեան դարձաւ նոր խմբագրապետը յիշեալ թերթերուն:

Այս պաշտօնները ստանձնելէ քառորդ դար առաջ, կարծես Աստուած կը պատրաստէր երիտասարդ Պարգեւը ապագայ իր ծառայութեան համար: Երբ ան ուսման ընթացքը աւարտեց եւ 1968-ին ձեռնադրուեցաւ, արդէն պատրաստ էր ձեռնհասօրէն վարելու Ջանից Միութեան ղեկավարութիւնը եւ անոր յարակից խմբագրական աշխատանքը:

Շնորհիւ իր աստուածատուր տաղանդներուն եւ հեզահամբոյր բնաւորութեան, Վեր. Տարագճեան շուտով կրցաւ շահիլ իր ղեկավարութեան վստահուած Ջանիցականներու յարգանքն ու սէրը, ինչպէս նաեւ կրցաւ դառնալ յարգուած եւ ժողովրդական խմբագրապետը՝ Մերձ. Արեւելքի Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու Միութեան մամուլին պատկանող զոյգ թերթերուն:

1974-ին նոր էջ մը բացուեցաւ Վեր. Տարագճեանի կեանքին մէջ երբ ան ընդունեց հովուական պաշտօնը Շիքակոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին: Որպէս ժրաջան եւ բարեջան հովիւ, ան ծառայեց 21 տարիներ այդ եկեղեցիին մէջ եւ վայելեց յարգանքն ու սէրը ոչ միայն իր հովուած եկեղեցիին, այլ նաեւ համայն Շիքակոյի հայ գաղութին: Յուլիս 1996-ին ան հանգստեան կոչուեցաւ, եւ փոխադրուեցաւ Քալիֆորնիա:

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետ. Միութեան խնդրանքով՝ Վեր. Տարագճեան նշանակուեցաւ խմբագրապետ Միութեան պաշտօնաթերթ Ֆորումին: Ապա, Միութեան խնդրանքով կազմակերպեց Կլէնտէյլ քաղաքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին 2000 թուականին: Մինչ այդ Վերապատուելին կորսնցուց իր երկար տարիներու կեանքի ընկեր Արմինէն: Քանի մը տարի ետք, 2004-ին ամուսնացաւ Արմինէի քրոջ Ակնէս Անդրէասեանի հետ:

Վեր. Պարգեւ Տարագճեանի հետ իմ բարեկամութիւնս սկսաւ 1953-ին երբ ես ուսանող էի Ալէփփօ Գոլէճին մէջ միանգամայն ատենապետ էի Հալէպի Հայ Աւետ. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ջանիցին: Ինք այդ շրջանին ոչ միայն Բեթէլ Եկեղեցւոյ Ջանիցի առաջնորդն էր, այլ ամբողջ հալէպահայ Ջանիցականներու կարեւոր առաջնորդներէն մէկը:  Մեր անհատական եւ ընտանեկան ջերմ յարաբերութիւնները շարունակուեցան տարիներու ընթացքին: Զինք ճանչցած եմ իբրեւ մտերիմ բարեկամ եւ անկեղծ, անշահախնդիր ու անձնուրաց հովիւ: Իր անձնականութեան ցցուն յատկանիշն էր իր անկեղծութիւնն ու սրտի ջերմութիւնը: Իր կեանքն ու կենցաղը, իր զուարթախոհութիւնը եւ գրական տաղանդը մեծապէս տպաւորած էին զիս:

Աստուած օժտած էր մեր հանգուցեալ բարեկամն ու գործակիցը ընտիր իմացականութեամբ, հոգեկան գեղեցիկ արժանիքներով եւ առաքինութիւններով, որոնք իր սրտի անհուն սիրովը շաղախելով՝ վերադարձուց բոլորին—իր ընտանիքին, համայնքին, ազգին եւ մարդկութեան:

Վեր. Տարագճեան մարմնացումն էր անձնուէր հոգեւորականի, խոհուն մտաւորականի, բեղուն գրիչի եւ ազնուական հայ մարդու: Պատանի հասակին ի յայտ բերած էր իր գրական տաղանդը: 15 տարեկանին հեղինակած էր իր առաջին գիրքը, Թօնպիկի Արկածախնդրութիւնները վերտառութեամբ: Ապա, գրեց բազմաթիւ յօդուածներ, որոնք լոյս տեսան առաւելաբար Ջանասէր, Պատանեկան Արձագանգ, Բանբեր, Ասպարէզ, Հայրենիք, Կանթեղ, Նօր Օր, Forum, AMAA News, UACC Herald եւ այլ թերթերու մէջ: Իր յօդուածներէն անջատ՝ հեղինակեց նաեւ կարեւոր գործեր, ինչպէս The Armenian Evangelical Identity, The History of Protestant Thought: From Luther to Our Times, Անփոխարինելի Ժառանգութիւնը, Աղօթագիրք եւ այլ գրքոյկներ:

Խորունկ համոզումներու տէր, հմուտ խմբագիր, եւ վաստակաւոր հեղինակ՝ Վեր. Տարագճեան իր անջնջելի կնիքը թողուցած է Հայ Աւետարանական մամուլին եւ մտածողութեան վրայ: Յատկապէս ան իր դրօշմը դրաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի Հայ Աւետարանական նոր սերունդին վրայ:

Պերճախօս էին իր գրութիւնները եւ հրապարակային ելոյթները, բայց աւելի պերճախօս էր իր կեանքը՝ շեշտուած իր անձնաւորութեամբ եւ վեհանձնութեամբ: Ան կը տեսնէր եւ կը գնահատէր մարդոց առաքինութիւնները ու խնդակից կ’ըլլար անոնց յաջողութիւններուն եւ նուաճումներուն:

Վեր. Պարգեւ Տարագճեան մէկն էր այն երախտաւորներէն, որուն մահը կորուստ մըն է եւ որուն մեկնումով ստեղծուած բացը դժուար պիտի ըլլայ լեցնել: Իր անդարձ մեկնումին առթիւ կը կրկնենք հայերէն հին երգին բառերը, «հազար ափսո՜ս Մոկաց Միրզէն»:

Արդարեւ, իրմով անվերադարձ կը մեկնի մեր եկեղեցական, համայնքային եւ հասարակական կեանքին մէջ ընտիր առաջնորդ մը, հայկական մշակոյթի անձնուէր գործիչ մը, սփիւռքահայ լրագրութեան երախտաւոր մը, որուն անունն ու գործը անջնջելի պիտի մնայ զինք եւ իր վաստակը ճանչցող կեանքերու մէջ:

Այս տխուր առիթով, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդին, եւ իմ ընտանիքիս կողմէ մեր խորազգաց ցաւակցութիւններու կողքին, Սուրբ Հոգիին մխիթարութիւնը կը հայցենք հանգուցեալին տիկնոջ, զաւակներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն: Աստուած օրհնէ բարի եւ անմոռանալի յիշատակը Վեր. Պարգեւ Տարագճեանին: Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles