

Համադրեց՝ Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Մոնրէալ, 10 Փետրուար 2023
Ատամնաբուժ Ատուր Գապագեան ծնած է 1895-ին, Այնթապ: Մայրը մահացած է իր ծնունդէն անմիջապէս ետք: Ղրկուած է Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքը, որուն նախակրթարանը աւարտելէ ետք, միջնակարգի տարիներուն, իր ըմբոստ խառնուածքին եւ դասընկերները ազգային-յեղափոխական գաղափարներով ոգեւորելուն համար, վտարուած է վանքէն։
1912-ին վերադարձած է Այնթապ ու յաճախած է Ամերիկեան քոլէճը։ Այդ շրջանին կը դառնայ Զարեւանդի գաղափարական գործունէութեան եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններուն ամէնէն աշխոյժ մասնակիցն ու օգնականը։
1913-ին կը կատարէ դաշնակցականի իր երդումը եւ մաս կը կազմէ Հ.Յ.Դ.-ի Այնթապի կոմիտէութեան։
1915-ին կ’անցնի Սուրիա, Համայի շրջանը։ Կը լծուի գաղթական հայութեան ինքնակազմակերպման աշխատանքին։
1918-ին, զինադադարէն ետք, երկիր վերադարձող գաղթական հայութեան հետ, Ատուր դարձեալ Այնթապ կը գտնուի:
1919-ին կ’անցնի Պէյրութ, Լիբանան, եւ կ’ուսանի Ամերիկեան Համալսարանի ատամնաբուժական վարժարանին մէջ, կը վկայուի 1924-ին, իբրեւ բժիշկ ատամնաբուժ:
Ամուսնանալէ ետք, կը հաստատուի Հալէպ եւ կը գործէ իբրեւ ատամնաբուժ, մինչեւ 1948:
Հալէպի մէջ ունեցած է ազգային եւ կուսակցական աշխուժ կեանք: Եղած է Բերիոյ թեմին ազգային ղեկավարներէն մէկը եւ Հ.Յ.Դ.-ի Հալէպի Կ.Կ.-ի անդամ: Եղած է ազգային գործիչ եւ ղեկավար: Սերտ գործակցութիւն ունեցած է ազգային գործիչ եւ Հ.Յ.Դ.-ի գաղափարի ընկեր Հրաչ Փափազեանի հետ:
Նոյն տարիներուն, Հ.Յ.Դաշնակցութեան ղեկավարներէն Հրաչ Փափազեանի գործակիցը ըլլալով, Ատուր Գապագեան կենսական դեր կ’ունենայ Սուրիոյ պետականութեան կազմակերպման եւ ազատագրական շարժման մէջ, միշտ նպաստելով հայութեան շահերուն:
1948-էն ետք կը հաստատուի Պէյրութ, ուր կը շարունակէ իր ազգային եւ կուսակցական բեղուն գործունէութիւնը: Կը դառնայ Հ.Յ.Դ.-ի Լիբանանի Կ.Կ.-ի անդամ, Մ.Տ.Կ. կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ «Համազգային»-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ղեկավար անդամներէ մէկը:
1963-ին, Հ.Յ.Դ.-ի 18-րդ Ընդհանուր ժողովին կ’ընտրուի Բիւրոյի անդամ:
1967-ին Հ.Յ.Դ.-ի 19-րդ Ընդհանուր ժողովին վերընտրուելով՝ կը ստանձնէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը՝ մինչեւ իր մահը։
Եղած է տեսլական ունեցող, հաւասարակշռուած քաղաքական գործիչ, համազգային պատասխանատուութեամբ առաջնորդուող ազգային-կուսակցական անձնաւորու-թիւն, ողջմիտ մտաւորական, շրջահայեաց, ազգանուէր գործիչ:
Ատամնաբուժ Ատուր Գապագեան կը մահանայ շաբաթ, 22 ապրիլ 1972-ին, 77 տարեկան հասակին: Ան իր յաւիտենական հանգիստը կը գտնէ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան Հ.Յ.Դ. Պանթէոնին մէջ։
Աղբիւրներ՝
- Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին (յաւելուած), Բժիշկին Զ. խօսքը, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնթրէալ, 2022.
- Վիքիփետիա՝ Ատուր Գապագեան
- Տոքթոր Ատուր Գապագեան (1895-1972), Նազարէթ Պէրպէրեան, «Ասպարէզ», 4 մայիս 2009.
- Օրինակելի ղեկավաը. Ընկեր Ատուր գասպագեանի անմոռանալի յիշատակին եւ մահուան 41-րդ տարելիցին առիթով, Հայերն այսօր, երեւան, 4 յունուար 2013.