Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Ասատուր Ալթունեանի Կենսագրականը

0 0
Read Time:2 Minute, 45 Second

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բժիշկ Ասատուր Ալթունեան

Բժիշկ Ասատուր Ալթունեան ծնած է Սեբաստիա, 21 Մարտ 1857-ին: Շրջանաւարտ եղած է Այնթապի բժշկական եռամեայ քոլէճէն 1881-ին: 1881-84-ին աշակերտած է տեղւոյն ամերիկացի բժիշկ Վէյչսին, ապա եղած է անոր օգնական բժիշկը։ 1884-ին մասնագիտական ուսման հետեւած է Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» բժշկական համալսարանին մէջ, ուրկէ վկայուած է 1885-ին: Իր թէզը եղած է՝ «Հալէպի Վէրք»-ը: Ան եզրակացուցած է, որ այս հիւանդութիւնը հետեւանք է միջատի մը խայթուածքին, եւ ո՛չ թէ այլ պատճառի: Դարմանումի համար յանձնարարած է ձկան իւղ եւ մանիշանիւթ (tincture of iodine): Ապա, կատարելագործած է իր մասնագիտութիւնը իբրեւ վիրաբոյժ՝ Գերմանիոյ Հայտելպէրկ քաղաքի բժշկական հաստատութիւններուն մէջ:

1887-ին, բժիշկ Ասատուր Ալթունեանին շնորհուած է փրոֆեսորի տիտղոս: Նոյն տարին վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ արտօնագիր ստացած է Թուրքիոյ մէջ աշխատելու, իբրեւ բժիշկ: Քանի մը ամիս աշխատած է Այնթապի բժշկական քոլէճին մէջ, սակայն Ապտուլ Համիտի բռնակալութեան օրերուն բժշկական ճիւղը արգիլուած ըլլալով Այնթապի քոլէճին մէջ, կրկին մեկնած է Եւրոպա եւ աշխատած է անուանի բժշկական կեդրոններու մէջ: Պերլինի մէջ 6 ամիս աշխատած է բժիշկ Ռոպերթ Կոխի մանրէաբանական հաստատութեան մէջ։ 1888-ին աշխատած է Վիեննայի եւ ապա Լոնտոնի բժշկական հաստատութիւններու մէջ:

Հալէպի «Ալթունեան» հիւանդանոցը

1889-ին մեկնած է Հալէպ, իր տիկնոջ՝ Հարիյէթ Մարթա Ռիտալի հետ, որ հիւանդապահուհի էր Այնթապի «Ազարիէ» հիւանդանոցին մէջ:

Հալէպի մէջ հիմնած է իր նախնական հիւանդանոցը, իսկ 1911ին շինած է նոր, քարաշէն «Ալթունեան» հիւանդանոցը՝ Հալէպի Ազիզիէ թաղամասին մէջ, արդիական բոլոր սարքերով՝ անձնական ելեկտրականութիւն, ջրամբար եւ դեղարան: Ալթունեան հիւանդանոցը գործած է մինչեւ 1962:

Բժիշկ Ասատուր Ալթունեան (կեդրոնը) բուժքոյրերուն եւ իր բժիշկ զաւակին՝ Էրնէսթին հետ

Հիւանդանոցին մէջ, բժիշկ Ասատուր Ալթունեանին գաղտնաբար օգնութեան հասած է իր դուստրը՝ Նորան, հակառակ տեղական օրէնքներուն:

1927ին, հիւանդանոցին մէջ հիմնած է բուժքոյրերու դպրոց, իր զաւակին՝ բժիշկ քոլոնէլ Էրնէսթ Ալթունեանի գործակցութեամբ եւ զբաղած է որակեալ բուժքոյրերու պատրաստութեամբ:

Պարբերաբար ան այցելած է Եւրոպա եւ բժշկական առաջատար համալսարաններու մէջ հետեւած է բժշկական տարբեր մասնագիտութիւններու:

1937-ին եղած է Հալէպի բժիշկներու միութեան պատուոյ նախագահը:

1939-ին արժանացած է Նիւ Եորքի վիրաբոյժներու միջազգային քոլէճի «տոքթոր գիտական աստիճան»ին:

Բժիշկ Ասատուր Ալթունեան Հալէպի մէջ զբաղած է նաև ազգանուէր գործունէութեամբ: Ան բարեխօսած է Ճեմալ փաշային մօտ, որպէսզի արգելք չհանդիսանայ պատուելի Ահարոն Շիրաճեանի որբահաւաքի աշխատանքներուն: Մեծապէս օգտակար հանդիսացած է հայ գաղթականներուն:

Գործակցած է տեղւոյն Հայ Կարմիր Խաչին հետ: Մեծ դերակատարութիւն ունեցած է հալէպահայութեան առողջապահական վիճակի բարելաւման մէջ:

Հալէպի ժողովուրդը զինք կոչած է «Հալէպի բժիշկներու հայր»:

Երկար տարիներ աշխատելով Հալէպի իր հիւանդանոցին մէջ, ձեռք բերած է մեծ համբաւ ու ժողովրդականութիւն, ո՛չ միայն Հալէպի մէջ, այլեւ ամբողջ Սուրիոյ տարածքին եւ նոյնիսկ Սուրիայէն դուրս:

Եղած է անուանի վիրաբոյժ: Կատարած է հարիւր հազարէ աւելի վիրաբուժական գործողութիւններ: Եղած է առողջապահութեան կազմակերպիչ, հասարակական եւ ազգային գործիչ:

Մասնակցած է Հալէպի հայկական որբանոցի հիմնադրման. հոն ապաստան գտած էին 1915-ի Ցեղասպանութենէն փրկուած շուրջ 200 երեխաներ: Անձամբ զբաղած է անոնց կենցաղային, անձնական առողջապահութեան եւ բուժման կարիքներով:

Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի առողջապահութեան զարգացման իր տարած աշխատանքին համար, արժանացած է Սուրիոյ կառավարութեան շքանշաններուն:

Ան արժանացած է նաեւ իտալական «Գահի ասպետ» (1914), սուրիական «Արքունեաց» (1931 եւ 1939) ու «Գերագոյն» (1950) աստիճանի շքանշաններուն եւ Նիւ Եորքի վիրաբոյժներու միջազգային քոլէճի «Ոսկէ մետալ»ին (1939):

Մահացած է Հալէպ, 4 Յունուար 1950-ին, եւ թաղուած է Հալէպի Հայ աւետարանական Էմանուէլ եկեղեցւոյ բակին մէջ: Իր մահէն ետք, զաւակը՝ Էրնէսթ, կը վտարուի երկրէն եւ հիւանդանոցը կը փակուի 1962ին:

ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ

1. Հարպոյեան, Կարպիս, բժիշկ, «Ալթունեան Ասատուր», «Բժիշկին Զ. Խօսքը», Մոնթրէալ, 2022:

2. Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, «Ալթունեան Ասատուր․ Հայազգի Բժիշկ-Գործիչներ», Երեւան, 2020:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles