Մոնրէալի Մէջ Հ․Յ․Դ․-ի 132-ամեակ

0 0
Read Time:2 Minute, 8 Second

Շաբաթ, Յունուար 21-ին Մոնրէալի Հայ Կեդրոնի Ահարոնեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հ․Յ․Դ․-ի 132-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութիւնը, կազմակերպութեամբ Մոնրէալի «Միհրան Փափազեան», Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւններուն եւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան, ներկայութեամբ Քանատայի Հայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբագէն Արք. Չարեանի, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գերշ. Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի եւ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Քհն. Գոյունեանի, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամներու՝ Ռաֆֆի Տօնապետեանի, Մուրատ Փափազեանի եւ Խաժակ Մկրտիչեանի, Ս․Դ․Հ․Կ․ եւ Ռ․Ա․Կ․ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, տեղւոյն երեսփոխաններ՝ Սոնա Լախոյեանի, Մոնթրէալի Քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ Սան Լորան շրջանէն Վանա Նազարեանի եւ Սեդա Թոփուզեանի։

Հանդիսութեան յայտագիրը սկսաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Մոնրէալի «Դրօ» եւ Լաւալի «Գետաշէն» մասնաճիւղերու պատանիներուն Պատանեկան Միութեան խոստումի կատարմամբ։

Օրուան բանախօսն էր Ֆրնասայէն ժամանած Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ եւ Ֆրնասայի Հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան։

Պատգամաբերը յայտնեց, թէ հայ աշխարհը այսօր կ’ապրի պատերազմի մղձաւանջը, պարտութեան մղձաւանջը, յանձնումի, Արցախի մէկ մասի զիջումին, Հայաստանի թուլացման, Հայաստանի եւ Սփիւռքի բաժանումին մղձաւանջները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու բացումի հեռանկարի մղձաւանջը: «Մենք զայրացած ենք, որովհետեւ Փաշինեան Հայաստանի ժողովուրդը բաժնած է սեւերու եւ սպիտակներու, ժողովուրդի եւ ընտրանիներու, ներսի հայերու եւ դուրսէն եկածներու… Մենք զայրացած ենք, որովհետեւ ան վարած է Սփիւռքը պառակտելու քաղաքականութիւն՝ լիազօրելով եւ միջոցներ տրամադրելով այնպիսի կազմակերպութիւններու, որոնց ղեկավարները ոչ մէկ օրինականութիւն կը վայելեն Սփիւռքի ղեկը իրենց ձեռքը առնելու: Մենք զայրացած ենք, քանի Արցախի պատերազմը հրահրելէ ետք, Հայաստանի ղեկավարը չէ ստանձնած իր պարտականութիւնները։ Մենք զայրացած ենք, որովհետեւ երբ Ատրպէյճան 40 օրէ ի վեր Արցախի դէմ կիրառած է մարդասպան շրջափակում, Հայաստանի վարչապետը ակնյայտօրէն ձգած է Արցախը իր ճակատագիրին: Մենք զայրացած ենք, քանի Հայաստանի իշխանութիւնները Հայաստանի մէջ ճնշումի քաղաքականութիւն կը վարեն մեր ընկերներուն դէմ՝ խուզարկութիւններով, ձերբակալութիւններով եւ բանտարկութեամբ», ըսաւ ան:

Ապա Փափազեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Սիրելի՛ բարեկամներ, սիրելի՛ ընկերներ, Դաշնակցութիւնը իրաւունք չունի հրաժարելու պայքարէն, Դաշնակցական ընկերները իրաւունք չունին հիասթափուելու։ Մենք առաքելութիւն ունինք. մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի կազմակերպենք մեր ժողովուրդի վերկանգնումը, եւ մենք պիտի յաջողինք: Ամբողջ աշխարհով մէկ, մէկ բռունցք դարձած, մենք պէտք է շարունակենք պայքարը Հայաստանի ժողովուրդին, Արցախի ժողովուրդին, Հայաստանի եւ Արցախի համար»։

Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը ըսելով. «Մենք իրաւունք չունինք յուսահատելու եւ թոյլ պէտք չէ տանք մենք մեզի տկարանալու. մենք ինչպէս անցեալին, ինչպէս Վարդանանց պատերազմին, ինչպէս Սարդարապատի եւ Արցախի Ազատամարտին անվարան պայքարեցանք, այսօր եւս պիտի շարունակենք մեր պայքարը բոլոր մակարդակներուն վրայ… իրաւունք չունինք անտարբեր մնալու: Այս պէտք է ըլլայ մեր ուղին եւ այս պէտք է ըլլայ մեր ճանապարհը»: «Արիւնոտ դրօշ»ի եւ «Մշակ Բանուոր»ի երգեցողութեամբ եւ Մուրատ Փափազեանի իր հրատարակած «Le Rռgime d’Erdogan : une menace pour la France» գիրքի մակագրումով վերջ գտաւ օրուան հանդիսութիւնը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles