
Համադրեց՝ ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Սողոմոն Թեհլիրեան ծնած է 1896 Ապրիլ 2-ին, Դարանաղեաց (Կամախ) գաւառի վարի Բագառիճ գիւղը:
Հայրը՝ Խաչատուր, իսկ մայրը՝ Հնազանդ, Գաթըրճեան Տէր Յարութիւնի աղջիկն էր: Ունեցած են հինգ մանչ զաւակներ: Երկրորդ զաւակը 3-4 տարեկանին մահացած է, մնացեալները՝ Միսաք, Սեդրակ, Աւետիս եւ Սողոմոն:
Կամախի շրջանի գիւղացիները իրենց աշխատանքին արդիւնքով չէին կրնար ապրեցնել իրենց ընտանիքները, բաւականաչափ մշակելի հողեր չունէին: Այրերը կ՛երթային արտասահման, մասնաւորաբար պալքանեան երկիրները, քանի մը տարի չարաչար աշխատելով դրամ կը խնայէին եւ կը վերադառնային Երկիր:
1898-ին Սողոմոնին հայրը, երկրորդ թէ երրորդ անգամ ըլլալով, կը մեկնի գիւղէն եւ կ՛երթայ Սերպիա, ուր իր եղբօր հետ առեւտրական գործ հաստատած էր: Նախ եղբայրը կը վերադառնայ հայրենիք, իսկ 1905-ին կարգը կու գայ Սողոմոնի հօրը:
Մեծ դէպք էր գիւղին համար պանդուխտի մը վերադարձը: Հարսանիքէն շատ աւելի կարեւորութիւն կը տրուէր սիլաճիի (ճամբորդ) դիմաւորութեան հանդէսին եւ տէնկերու (ծրար) պաշտօնական բացման: Պանդուրութենէն նուէրներ կը բերեր վերադարձողը բոլորին։
Զատիկին գիւղ պիտի հասներ Սողոմոնի հայրը: Աւագ Շաբաթ օր, կառապան մը երկու սնտուկներ կը բերէ, բայց սիլաճին չկար: Շուտով կ՛իմացուի թէ թուրքերը զինք բանտարկած են Տրապիզոնի մէջ․ նաւէն դուրս ելլելու ատեն: Ուրախութիւնը կը վերածուի լաց ու կոծի: Վեց ամիս Տրապիզոն բանտարկուած պահելէ ետք՝ Խաչատուր աղան կը վերադարձնեն Սերպիա:
Բայց, մեկնելէ առաջ, առիթ կ՛ունենայ տեսնուելու իր հայրենակից Միսաք Պոլոյեանի հետ եւ կը խնդրէ անկէ գիւղ երթալ եւ ընտանիքը փոխադրել Երզնկա:
Յետոյ կ՛իմացուի, որ Խաչատուր աղան ձերբակալուած էր, որովհետեւ 1898-ին Տրապիզոնէն մեկնելու ատեն ռուսական նաւ առած էր, որուն համար իբրեւ կասկածելի անձ արձանագրած էին զինք:
1905-1906-ի ձմրան, Սողոմոն Երզնկայի Բողոքականաց վարժարանը կը յաճախէ: Յաջորդ տարեշրջանին կ՛անցնի Եզնիկեան վարժարանը, մինչեւ 1911: Վերջին տարին ուսուցիչներու պակասի հետեւանքով, գրեթէ ամբողջ դասարանով, կը փոխադրուին Կեդրոնական վարժարան, ուր կը վերջացնէ ուսման շրջանը:
Պալքանեան պատերազմին, կարգ մը ուսուցիչներ կը ստիպուին զինուոր երթալու եւ հոգաբարձութիւնը նախակրթարանի առաջին դասարանը վարելու պաշտօնը կու տայ Սողոմոնին:
1913-ին, վերջապէս, Սողոմոն իր 17 տարեկան հասակին կը տեսնէ իր հայրը: 1908-ի սահմանադրութեամբ հայրը ազատօրէն կրնար Երկիր երթալ, բայց գործերու բերումով հինգ տարի կ՛ուշանայ: 1913 աշնան, Սողոմոն կը հեռանայ Երզնկայէն ու կ՛անցնի Սերպիա, ուր մտադիր էր պատրաստուելու, որ յաջորդ տարին Գերմանիա երթայ, ուսանելու: Բայց համաշխարհային առաջին պատերազմը ամէն բան տակն ու վրայ կ՛ընէ, բոլոր ծրագիրները ջուրը ձգելով:
Թեհլիրեան գերդաստանը Երզնկայի եւ Բագառիճ գիւղին մէջ, մինչեւ 1915-ի սարսափի օրերը, կը համրէր 85 հոգի, բացի արտասահման, պանդխտութեան մէջ գտնուողներէն:
Ձախէն աջ՝ կամաւորական գունդերուն մաս կազմած Սողոմոնին եղբայրը՝ Միսաք, հօրեղբօր որդին՝ Սահակ եւ Սողոմոն Թեհլիրեանները, 1915-ին, Երեւանի Քանաքեռ շրջանին մէջ
Այդ 85 հոգիէն միայն ու միայն Սողոմոնի մեծ եղբօր՝ Միսաքին մէկ աղջիկը կ՛ազատի: Երզնկա ռուսերու կողմէ գրաւուելէ ետք, քիւրտի մը մօտէն կը գտնեն, 12 տարեկան հասակին:
Սողոմոնի մայրը, երկու մեծ եղբայրներուն կիները իրենց զաւակներով, եղբայրը՝ Աւետիս, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկութեան ուսանող, կը զոհուին 1915-ի կոտորածի օրերուն:
1914-ի գարնան, գործի բերումով, Սողոմոնի հայրը եւ Սեդրակ եղբայրը Երզնկայէն անցած էին Սերպիա, փրկուելով ստոյգ մահէ:
Սողոմոնի հայրը կը մեռնի 84 տարեկանին, իսկ եղբայրները՝ Միսաք եւ Սեդրակ, իրենց պարագաներով կ՛ապրին Եուկոսլաւիոյ մէջ: Անոնք վերամուսնացած ու զաւակներու տէր եղած են եւ թոռներ իսկ հասցուցած:
Սողոմոն ամուսնացած էր Թիֆլիս հաստատուած երզնկացի Նշան Թաթիկեանի աղջկան՝ Անահիտին հետ: Թաթիկեան մօտիկ գործակիցը եղած է Երզնկացի Քեռիին (Շիշմանեան): Քաղաքին մէջ իր դիրքը վտանգուած ըլլալուն՝ խոյս կու տայ Երզնկայէն եւ կ՛անցնի Կովկաս 1895ի ատենները եւ կը հաստատուի Թիֆլիս ու հետագային կ՛ամուսնանայ Յակոբ Շաւարշի աղջկան հետ:
Թեհլիրեանի կողմէ Պերլինի մէջ Մարտ 15, 1921-ին զգետնուած Թալաթի յուղարկաւորութիւնը կատարող հոճան, իր աղօթքէն ետք, ներկաներուն այս հարցումը կ՛ուղղէ․ «Ձեր ներկայութեան պառկող Թալաթ փաշան բարձր առաքինութեամբ լի մարդ մըն էր, ձեր մէջէն կա՞յ մէկը որ հակառակը ըսէ»:
Ու բոլորը «ոչ» կը պոռան:
Ոչ պիտի ըլլար, անշուշտ պատասխանը բոլոր տաճիկներուն: Բայց իրենց համար դժբախտաբար որ եղաւ նաեւ գերմանացիներուն պատասխանը:
Թալաթ փաշան սպաննելուն համար ամբաստանուած ուսանող Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ Պերլինի նահանգային Գ. դատարանի առջեւ, Յունիս 2-3 1921-ին:
Յանցաւո՞ր է ամբաստանեալ Սողոմոն Թեհլիրեանը դիտաւորեալ կերպով մարդ մը սպաննած ըլլալու համար: «Ոչ», ըսաւ Օտտօ Ռայնիկէն, երդուեալներուն գլխաւորը, արժանանալով սրահին ծափահարութիւններուն:
Դատաւորը հաստատեց որոշումը ազդարարեց հետեւեալ դատավճիռը. «Ամբաստանեալը անպարտ կ՛արձակուի պետական սնտուկին հաշւոյն», արժանանալով սրահին ծափահարութիւններուն:
Ամբաստանեալին շնորհաւորեցին իր պաշտպանները, հայրենակիցները եւ ներկայ հասարակութիւնը։