
ԵՐԵՒԱՆ.- Շաբաթավերջին, 15 գերիներ վերադարձան Հայաստան: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Վրաստան – Ատրպէյճան սահմանին մօտ, Վրաստանի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ, Պաքուն հայկական կողմին յանձնած է 15 ռազմագերիներ, որոնց դիմաց ստացած է Աղտամի շրջանի ականապատման քարտէսներ:
Հայրենիք վերադարձածներէն վեցը՝ վերջերս Գեղարքունիքի մարզի սահմանագիծին գերեվարուած զինուորներէն են:
Գերութենէն վերադարձածներն են` Ստեփանեան Արթուր, Էլիբէկեան Գեղամ, Սեդրակեան Ալեքսան, Գասպարեան Էրիկ, Բաբայեան Սաշա, Անդրէասեան Արտակ, Խաչատրեան Էրիկ, Սերունեան Նարեկ, Պետրոսեան Սասուն, Սարգսեան Վրոյր, Բուդոյեան Արմէն, Օհանեան Բորիս, Աբգարեան Արթուր, Ոսկանեան Դաւիթ, Յունանեան Արգամ: