
Յունիս 7-ին, ազդանշանը տրուեցաւ «Հայաստան» դաշինքի քարոզարշաւին:
Կապանի մէջ կատարուած հանրահաւաքի ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ ամենեւին պատահական չէ, որ ընտրարշաւը կը սկսի Սիւնիքէն:
«Այո՛, Հայաստանի մէջ կայ ապագայ, Սիւնիքի մէջ կա՛յ ապագայ, հայ ժողովուրդը ունի ապագայ, բայց այդ ապագան առանց Նիկոլի է», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
Ան նշեց, որ եթէ Հայաստանի քաղաքացին այսօր թշնամիին դէմ չի պայքարիր Սիւնիքի մէջ, վաղը ստիպուած պիտի ըլլայ զայն դիմաւորելու Հիւսիսային պողոտային մէջ:
«Սիւնիքը Հայաստանի դարպասն է, այս չարիքի կառավարութեան դէմ պայքարի խորհրդանիշը: մեր ժողովուրդին այս օրերուն հայրենադաւը կը վախցնէ նոր պատերազմով` ըսելով, որ եթէ «Հայաստան» դաշինքը գայ իշխանութեան, մեզի կը սպասէ նոր պատերազմ. «Հայաստան» դաշինքը այն քաղաքական միաւորն է, որ Հայաստանին պիտի բերէ արժանապատիւ խաղաղութիւն», ըսաւ ան:
Սաղաթէլեան ընդգծեց, որ ընդհանրապէս, խաղաղութիւնը չեն մուրար, խաղաղութիւնը կը պարտադրեն, եւ «արժանապատիւ խաղաղութիւն» ըսելով` իրենք ատիկա նկատի ունին:
Գալով իշխանութեան` յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին պիտի վերակազմակերպեն հայոց բանակը, իսկ յետոյ 3 տարուան ընթացքին ամբողջութեամբ պիտի լուծուի բանակի սպառազինութեան հարցը:
Ան նկատել տուաւ, որ չկայ աշխարհի մէջ որեւէ արժանապատիւ պետութիւն, որ չունի հզօր բանակ:
«Ուրեմն յունիս 20-ը նաեւ կռիւի օր է, մարտի օր է, այս չարիքի իշխանութիւնը քշելու օր է, ուրեմն 20 յունիսին` դէպի ուժեղ Հայաստան», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
Քաջարանի մէջ եւս տեղի ունեցաւ «Հայաստան» դաշինքի հանրահաւաք, որուն ընթացքին համայնքի ղեկավար Մանուէլ Փարամազեան յայտարարեց, որ մեր փրկութեան ու վերելքի միայն մէկ ճամբայ կայ, եւ անիկա «Հայաստան» դաշինքին հետ է` աւելցնելով. «Յաղթանակած նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի առաջնորդութեամբ մենք կրնանք դուրս գալ համազգային նուաստացումէն: յունիս 20-ին մենք պիտի ընտրենք մեր ազգայինը, հերոսականը, յաղթանակը»:
«Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան քաջարանցիներուն հետ հանդիպումի ընթացքին ըսաւ, թէ երկիրը պէտք է հանենք ստեղծուած իրավիճակէն, ինչ որ, նախ եւ առաջ, երկրի անվտանգութեան վերականգնումն է:
«Երկիրը պէտք է հանենք ստեղծուած իրավիճակէն. երկրի անվտանգութեան ողնաշարը բանակի վերականգնումն է: Պէտք է ընենք ամէն ինչ, որ մեր զոհերը «յանուն ոչինչի» չըլլան: Դուք գիտէք այդ արտայայտութեան աղբիւրը: Մենք առաջ պիտի տանինք Հայաստանը, որ ունէր ամէնէն մարտունակ համբաւը այս շրջանին մէջ: Պէտք է ասիկա վերականգնենք, հակառակ պարագային մենք պիտի ըլլանք այն երկիրներու ցանկին մէջ, որոնք իրենք իրենց ուժերով ի վիճակի չեն պահելու իրենց սահմանները, նոյնիսկ պաշտպանել սեփական ժողովուրդի անվտանգութիւնը: Ասիկա լաւ բան չէ: Մենք յարգանք պիտի չունենանք աշխարհի հզօրներէն այնքան ժամանակ, մինչեւ որ վերականգնենք մեր ինքնիշխանութիւնը եւ ինքնուրոյն պահենք մեր երկրի սահմանները: Երկրորդը տնտեսական վերելքն է: Ես յաջողած եմ մէկ անգամ` 1998-2008-ին ատիկա ընել: Ես այսօր, այստեղ կը խոստանամ, որ ատիկա անգամ մը եւս պիտի ընենք», Քաջարանի մէջ ընտրողներուն հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարեց «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան:
«Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ` պատահական չէ, որ քարոզարշաւը «Հայաստան» դաշինքը կը սկսի Սիւնիքէն:
«Սիւնիքը այս ազգադաւ իշխանութեան պայքարի խորհրդանիշն է: Սիւնիքն էր այն դարպասը, Հայաստանի դիմադրութիւնը, որ մեզի ուժ կու տար Երեւանի եւ ամբողջ Հայաստանի մէջ: Մենք միասին պէտք է սուտին, ամբոխավարութեան, կեղծիքին, պարտուողականութեան վերջ դնենք: Հայաստանին պէտք է իշխանութիւն, որ ունի իր ժողովուրդին նկատմամբ պատասխանատուութիւն: Պէտք է իշխանութիւն, որ տէր կանգնի պետութեան, ժողովուրդին եւ երկրի սահմաններուն», նշեց «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը:
ևշեևք թէ, Հայաստանի երկրորդ նախագահ, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Հ©Յ©Դ© Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յունիս 5-ին Երեւանի մէջ հանդիպած են Քանաքեռ-Զէյթուն եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու քաղաքացիներու հետ:
«Իմ նախորդ երկու ընտրարշաւներուս ժամանակ մարդոց այսպիսի հակազդեցութիւն, ներուժ եւ միեւնոյն ժամանակ` նման խոր մտահոգութիւն չեմ տեսած», ըսած է Ռոպերթ Քոչարեան` աւելցնելով, որ հանդիպումներու տարբերութիւնը այն է, որ այն ժամանակ եղած են ուղղակի նախագահական ընտրութիւններ, ոչ թէ` երկրի գոյութիւն ունենալ-չունենալու հարց:
«Ես դուրս կու գամ հանդիպումներէն շատ մեծ լիցքեր ստացած, ես յոյսով լեցուած եմ եւ կը փորձեմ նման կարգի լաւատեսութիւն ապագայի նկատմամբ հաղորդել ձեզի: Մեր խումբը կ՛աշխատի այդ լաւատեսութիւնը ըստ կարելւոյն տարածել, որ մարդիկ հասկնան, թէ ով ի վիճակի է երկիրը այս այս իրավիճակէն դուրս հանելու», ըսաւ Քոչարեան:
«Մեր նպատակը մարդոց նոր յոյս հաղորդելն է, եւ մենք կը հրաւիրենք ձեզ դիտելու իրավիճակը այս անկիւնէն, եւ լաւատեսութեան ուղղուած կարգախօսով փորձենք ուղղորդել մեր ընտրողները դէպի ընտրատեղամասեր», շեշտեց «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդը:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր կարգին ընդգծած է. «Այս հողատուի աշխատելաոճին մէջ ոչինչ փոխուած է. նոյն զազրախօսութիւնն ու նոյն սուտերը կը տարածեն: Զաւեշտը այն է, որ այս մարդիկ այդպէս ալ իշխանութիւն չդարձան: Չկայ իշխանութիւն, որուն հետ ընդդիմութիւնը դասական պայքարի մէջ մտնէ: Թող նային գիւղացիներու աչքերուն ու հաշուետուութիւն ներկայացնեն` ի՞նչ ըրած են»:
«Հայաստան» Դաշինքի առաջնորդները հանդիպում ունեցան Գեղարքունիքի մարզի քաղաքացիներուն հետ:
Ըստ Ռոպերթ Քոչարեանի, վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին կտրուկ աւելցած է երկրէն մեկնող եւ չվերադարձողներուն թիւը. 4 ամսուան ընթացքին բացասական համեմատութիւնը կազմած է 80 հազար հոգի: Նման ցուցանիշներ Հայաստանի մէջ եղած են 90-ականներու սկիզբը: Ասիկա արդէն կը կոչուի ապաբնակեցում` փախուստ: «Եթէ երկրին մէջ ամէն ինչ լաւ է, ինչո՞ւ կը փախչին: Ուրեմն չեն վստահիր այս իշխանութեան: Այս վիճակը փոխելու միակ առիթը իշխանափոխութիւնն է», յայտարարած է «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդը:
Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ Գեղարքունիքը Հայաստանի այն մարզերէն է, որ պատերազմէն ետք դարձած է սահմանամերձ, եւ մարզը կը զգայ վտանգը, որովհետեւ թշնամին հասած է Վարդենիսի մատոյցները: Ինչ կը վերաբերի վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի` բանավէճի հրաւէրը չընդունելուն, ըսաւ. «Դաւաճանի ու յանձնուողի հետ բանավիճելու որեւէ նիւթ չունինք»:
Վահէ Յակոբեանը, իր կարգին, նշեց, որ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու բնակիչները աւելի ուժգին կը զգան անվտանգութեան հարցի լրջութիւնը: Անոնք պէտք է ըլլան աւելի գիտակից եւ հասկնան, թէ ո՛ր խումբը ի վիճակի է լուծելու անոնց անվտանգութեան հարցերը:
Ստորեւ, Ռոպերթ Քոչարեանի կոչը` քարոզարշաւի մեկնարկին.-
1 Քարոզարշաւի ընթացքում կեդրոնանալ մեր ծրագրի բովանդակութեան վրայ: Մեր ծրագիրն ունի երկրի վերելքի հսկայական ներուժ:
2 Վարակենք մարդկանց դրական տրամադրութեամբ, իւրաքանչիւր մեր հայրենակցի տուն պէտք է մտնի յոյսի եւ արժանապատուութեան գաղափարը:
3 Մոռացէ՛ք գործող իշխանութիւնը, այն չկայ մեր օրակարգում, կեդրոնացէ՛ք անելիքների վրայ, ապագայի վրայ:
4 Մի՛ տրուէք որեւէ սադրանքի: Ակնյայտ է, որ գործող իշխանութեան մի նեղ խումբ ցանկանում է անել ամէն ինչ` ներքին լարուածութիւն ու նոյնիսկ բախումներ հրահրելու համար: Սա այդ մարդու միակ կարողութիւնն է, իսկ անխուսափելի պարտութեան հեռանկարը նրանց դրդում է գնալ անօրինականութիւնների:
5 Յարգանքով վերաբերուէ՛ք բոլոր ուժերին. բոլոր այն ուժերը, որոնք պայքարում են Հայաստանում պարտութեան էջը փակելու համար, մեր գործընկերներն են:
6 Համբերատար խօսէ՛ք մեր հայրենակիցների հետ. այդ մարդիկ երեք տարի գտնուել են իշխանական ամբողջական քարոզի եւ օտար ուժերի` երկիրը քանդող քարոզչութեան ազդեցութեան տակ:
7 Կոչ եմ անում պետական համակարգի աշխատողներին. ձեր ճնշող մեծամասնութիւնը հայրենասէր ու մասնագէտ մարդիկ են, եւ մենք միասին աշխատելու ենք մեր երկրում արժանապատիւ խաղաղութեան, տնտեսութեան զարգացման եւ համահայկական վերելքի համար: Չվախենաք, չզիջէք որեւէ սպառնալիքի տակ:
8 Կոչ եմ անում ուժային կառոյցների աշխատողներին. պահպանէ՛ք զգօնութիւն, սառնասրտութիւն, մի՛ կատարէք հեռացող իշխանութեան ապօրինի հրամանները, կատարէ՛ք բացառապէս ձեր ծառայողական պարտականութիւնները:
9 Իմ խմբակիցների եւ ցանկացած քաղաքացու նկատմամբ ճնշումները, սպառնալիքները, ահաբեկման փորձերը չեն մնալու անպատիժ: Բոլորը հատ-հատ պատասխան են տալու օրէնքի առաջ:
10 Այս ընտրութիւններում հարցը շատ պարզ է` յաղթելու է յոյսը, վերելքի հեռանկարը, արժանապատիւ խաղաղութեան գաղափարը: Ընդամէնը 14 օր յետոյ մենք Հայաստանում բացելու ենք նոր էջ:
11 Մենք անպայման ունենալու ենք անվտանգ սահմաններ, անպայման ունենալու ենք կայուն խաղաղութիւն եւ արժանապատիւ կեցուածք տարածաշրջանում, մենք անպայման ունենալու ենք աշխատող ու զարգացող պետութիւն:
Ամէն ինչ լաւ է լինելու: