
«Բառապաշար Նախարար»-ի գաղափարն ու մտայղացումը կու գայ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Շրջանի Հ․Ե․Դ․-ի հայերէն լեզուով զրուցելու «Զրոյց – Մրոյց» խմբակէն։ Հետաքրքրուողները կրնան գրութեան տակ, մեկնաբանութիւններով կամ ե-նամակով ( clc@ayf.org) արտայայտուիլ եւ յայտնել իրենց կարծիքը։
*
Կար ու չկար մարդ մը կար: Ան կը կոչուէր «Բառապաշար Նախարար»։ Ուրեմն ո՞վ է այս «Բառապաշար Նախարար»-ը։ Ծանօթ չէ՞ք։ Ծանօթացնենք։ Իր անունին նման, «Բառապաշար Նախարար»-ին վարպետութիւնը նոր բառ ստեղծելն է։ Անգլերէնի մէջ մասնագիտանալէ ետք, ան անդրադարձաւ, որ շատ մը անգլերէն բառեր հայերէն թարգմանութիւն չունէին։ Այդ իսկ նկատելով, գործի լծուեցաւ։
Ընդհանրապէս, «Բառապաշար Նախարար»-ը իր օրերը համալսարանը կանցընէր։ Յանկարծ, «Քորոնա» անունով ժահրը տարածուեցաւ, այնքան մը, որ իր դասաւանդութիւնները առցանց շարունակուեցան։ Շարունակ տունը նստելով, հետզհետէ սկսաւ ծուլանալ եւ օր մըն ալ միտքը եկաւ «Բառապաշար Նախարար»-ի մօր խօսքը․- «Տղա՛ս, նստելէն բան մը չ՛ելլէր»։
Տան մէջ շատ գործ կար կատարելիք, անշուշտ պարտականութիւն ալ ունէր կատարելիք։ Այս պահուն ան «multitasking» պէտք էր կատարէր, բայց արդեօք ի՞նչ էր հայերէն բացատրութիւնն ու թարգմանութիւնը այս «multitasking»-ին։
Մտածեց ու շարունակ մտածեց։ Գործեր կային, այո՛․․․բազմաթիւ անյետաձգելի գործեր։ Յանկարծ, լուացք ծալելու ատեն, մտայղացաւ «բազմագործել» բառը, իրրեւ թարգմանութիւն՝ «multitasking»-ի։
Այսպէս, «Բազմագործութիւն»-ը պիտի ազատէր մեր սիրելի «Բառապաշար Նախարար»-ը, իր ծոյլութեամբ թակարդէն։ Հետեւաբար, միտքը հանգիստ սկսաւ իր աշխատանքներն ու պարտականութիւնները հեզասահօրէն դասաւորել եւ «բազմագործել»։
«Բառապաշար Նախարար»-ը համոզուած ու գոհ է իր որոշումով։ Դուք համաձա՞յն էք:
*
Հետաքրքրուողները կրնան այս գրութեան տակ, զանազան մեկնաբանութիւններով կամ ե-նամակով ( clc@ayf.org ) արտայայտուիլ եւ յայտնել իրենց կարծիքը։