Լրահոս

«Սատարենք Մեր Հերոսներին» Կազմակերպութիւնը Ելեկտրածին Գործիք Նուիրեց Բանակին

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հասարակական «Սատարենք Մեր Հերոսներին» կազմակերպութիւնը հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ, թէ 28 ելեկտրածին գործիք (generator) նուիրած է հայոց պաշտպանութեան բանակին։ Այս գործիքներուն, կողքին տրամադրուած են 2,5 տարուայ պահեստային մասեր՝ իւղ, զտիչ (generator)․ մոմ եւայլն։

Մայիս 15-ին, հայոց բանակին տրամադրուեցան այս ելեկտրածին գործիքները, որոնք արդէն իսկ սկսած են գործել։

«Սատարենք Մեր Հերոսներին» կազմակերպութեան բարերարներու աջակցութեամբ կարելի եղած է հանգանակել գումարներ եւ ձեռք ձգել այս գործիքները։

Նաեւ “Սատարենք Մեր Հերոսներին” Հասարակական Կազմակերպութիւնը կ՛իրականացնէ Արցախի մէջ վերաբնակեցման ծրագրեր, ներառեալ վերաբնակիչներուն տնտեսական եւ ընկերային օգնութիւն, տուներու նորոգութիւններ եւ այլ աշխատանքներ։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ.-

Advertisement Donate Today

soh.fund@gmail.com

www.supportourheroes.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button