Արտաքին Գործոց Նախարար Այվազեանի Հրաժարականը

0 0
Read Time:1 Minute, 36 Second


ԵՐԵՒԱՆ․- Անցեալ շաբաթավերջէն ի վեր, արդէն իսկ լուրը տարածուած էր։ Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Արա Այվազեանը ներկայացուցած էր իր հրաժարականը։
Մայիս 31-ին, Այվազեան հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան անձնակազմին հետ:Ան շնորհակալութիւն յայտնեց անձնակազմին` միացեալ աշխատանքի ընթացքին դրսեւորած մասնագիտական նուիրուածութեան համար:
«Երբ ես համաձայն գտնուեցայ ստանձնելու այս պաշտօնը, ատիկա կեանքիս ամէնէն դժուար, բայց, միեւնոյն ժամանակ, ամէնէն դիւրին որոշումն էր: Դիւրին որոշում էր, քանի որ ես` անձնապէս, եւ վստահ եմ` դուք` բոլորդ, կը գիտակցէինք, որ պարտք ունինք մեր զոհերուն առջեւ, պարտք ունինք մեր երկրին առջեւ: Դժուար էր, քանի որ շատ լաւ կը հասկնայի եւ կը գիտակցէի, թէ ի՛նչ հսկայական պատասխանատուութիւն է իմ եւ մեր բոլորին վրայ, քանի որ մենք իրաւունք չունէինք սխալելու: Մենք իրաւունք չունէինք ընելու այնպիսի քայլ, որուն համար հետագային մեր ժողովուրդը եւ մեր պատմութիւնը մեզ պիտի չներէր», ըսաւ նախարար Այվազեան շեշտելով, թէ «Նախարարութիւնը չի կրնար համաձայնութիւն տալ գաղափարներու, որոնք մեր ազգային Եւ պետական շահերուն դէմ եղած են»։
Արա Այվազեան շեշտեց, որ ինք շատ դժուարութեամբ տուած է հրաժարականի իր որոշումը` աւելցնելով, որ երբ ստանձնած է այս պաշտօնը, իրեն համար եղած է մէկ չափանիշ այս նախարարութիւնը, որ ծնունդն է անկախութեան, պէտք է անշեղօրէն պաշտպանէ հայոց ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը, պետական, ազգային շահերը: ,Յոյսով եմ, որ ձեզի ամօթով չեմ ձգեր, եւ հրաժարականիս որոշումը պայմանաւորուած էր ճիշդ այդ պատճառով, որ երբեք որեւէ կասկած չըլլայ, որ այս նախարարութիւնը կրնայ ինչ որ քայլ կատարել կամ համաձայնութիւն տալ ինչ որ գաղափարներու, նախաձեռնութիւններու, որոնք մեր պետականութեան, մեր ազգային եւ պետական շահերուն դէմ եղած են», աւելցուց ան:
Ըստ Այվազեանի, դիւանագիտութիւնը պարտուած չէ, եւ կը կարծէ, որ Հայաստանի միջազգային գործընկերները հասկցած են, որ Հայաստանը պարտուած չէ, Արցախը պարտուած չէ, հայութիւնը պարտուած չէ:
Նոյն օրը հրաժարական ներկայացուցած է նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Գագիկ Ղալաչեան:
Այվազեանի հրաժեշտէն ետք, արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեանն ալ դիմատետրի իր էջով տեղեկացուց, թէ կը լքէ իր պաշտօնը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր գործընկերներուն, նախկին նախարարներուն եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն` աւելցնելով, որ իր աշխատանքը պիտի շարունակէ դիւանագիտական ծառայութեան մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles