Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սարդ­նե­րու Բո­ղո­քի Ցոյ­ց՝ Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նատան առ­ջեւ

0 0
Read Time:1 Minute, 42 Second

ԱԹԷՆՔ․- Չո­րեք­շաբ­թի, ­Մա­յի­ս 26-ի ե­րե­կո­յեան, Ատր­պէյ­ճա­նի դես­պա­նատան առ­ջեւ, բո­ղո­քի հա­ւաք մը կազ­մա­կեր­պե­ց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կանը, դա­տա­պար­տե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի սադ­րիչ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։

­Հա­ւա­քի մաս­նա­կից ե­րի­տա­սարդ ըն­կեր­նե­րը պաս­տառ­ներ պատ­րաս­տած էին, ուր ար­ձա­նագ­րո­ւած էին լո­զունգ­ներ յու­նա­րէն եւ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով։

­Ցոյ­ցի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան, պա­հան­ջո­ւե­ցաւ հայ գե­րի­նե­րու ա­զատ ար­ձա­կու­մը, ո­ր ան­յա­պա­ղօ­րէն գոր­ծադ­րե­լու պար­տա­ւոր է Ատր­պէյ­ճա­նը։

Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը, ներ­կա­յա­ցու­ցին ­Սիւ­նի­քի մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի ներ­խուժ­ման փոր­ձե­րը եւ ա­նոր շա­րու­նա­կա­կան յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թիւ­նը Ար­ցա­խի ու ­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին դէմ, խստօ­րէն դա­տա­պար­տե­լով ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րէն ներս Ատր­պէյ­ճա­նի ներ­խու­ժու­մը, եւ պա­հան­ջե­լով հայ ռազ­մա­գե­րի­նե­րու ա­զատ ար­ձա­կու­մը։ Ի­րենց խօս­քե­րուն մէջ, ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ըն­կեր­նե­րը անդ­րա­դար­ձան Ատր­պէյ­ճա­նի ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, Ար­ցա­խի ու ­Հա­յաս­տա­նի դէմ շա­րու­նա­կո­ւող բռնա­րարք­նե­րուն, մի­ջազ­գա­յին օ­րէնք­նե­րու կո­պիտ խախ­տում­նե­րուն, հա­յու­թեան դէմ ան­վերջ սպառ­նա­լիք­նե­րուն։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles