
ԵՐԵՒԱՆ․- Մարտ 18-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարելով յայտարարեց, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Յունիս 20-ին:
Փաշինեանի գրառումէն առաջ տեղի ունեցած էր վարչապետի եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը:
«Քիչ առաջ տեղի ունեցաւ իմ հանդիպումը Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հետ: Հանդիպումի ընթացքին արձանագրեցինք, որ ստեղծուած ներքաղաքական իրադրութենէն լաւագոյն ելքը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններն են: Հաշուի առնելով նաեւ` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հետ, «Իմ քայլը» խմբակցութեան հետ, Լուսաւոր Հայաստան խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանի հետ իմ ունեցած քննարկումներս` սոյն թուականի 20 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պիտի կազմակերպուին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ», կը յայտնէ Փաշինեան:
«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանն ալ յայտնեց, թէ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան Յունիս 20-ին: «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեան ըսաւ, թէ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է վարչապետ Փաշինեանի հետ եւ իր կարգին համամտութիւն յայտնած՝ Յունիս 2021-ին ընտրութիւններու ատնրութեամբ։