“Սատարենք Մեր Հերոսներին” Կազմակերպութիւնը Հինգ Շտապ Օգնութեան Հիւանդակառքեր Նուիրեց Արցախին
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, հասարակական “Սատարենք Մեր Հերոսներին” կազմակերպութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Մարտ 6-ին, կազմակերպութեան բարերարներու աջակցութեամբ հանգանակուած գումարներով ձեռք բերուած հինգ Toyota Landcruiser տիպի շտապ օգնութեան հիւանդակառքեր՝ օժտուած ամէն տեսակի բժշկական սարքաւորումներով, յանձնած է Արցախի բանակին:
Հիմնուած օրէն (Ապրիլ3 , 2016) իսկ, “Սատարենք Մեր Հերոսներին” կազմակերպութիւնը կը համագործակցի Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի հետ, մշակելով և իրականացնելով բազմաթիւ աջակցութեան ծրագրեր, որոնց կարգին՝ Մարտակերտի զինուորական հիւանդանոցի նորոգութիւն, Ստեփանակերտի հիւանդանոցի վերականգնողական կեդրոնի եւ զինուորի տան կառուցում եւ կահաւորում եւ հոսանք տրամադրող, անձայն ելեկտրածին շարժիչներ վերապահուած առաջնագիծին:
Նաեւ “Սատարենք Մեր Հերոսներին” Հասարակական Կազմակերպութիւնը կ՛իրականացնէ Արցախի մէջ վերաբնակեցման ծրագրեր, ներառեալ վերաբնակիչներուն տնտեսական եւ ընկերային օգնութիւն, տուներու նորոգութիւններ եւ շուտով, համագործակցաբար Արցախի կառավարութեան ու Ասկերանի Նախիջեվանիկ համայնքի հետ, կազմակերպութիւնը պիտի կառուցէ նոր թաղամասի երիտասարդ եւ բազմազավակ վերաբնակիչներու համար։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ.-
soh.fund@gmail.com
www.supportourheroes.am

