ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ Հ.Հ. ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐԱ ԱՅՎԱԶԵԱՆԻՆ
Ա.Մ.Ն. նոր վարչակազմի կազմութիւնը եւ Ա․Մ․Ն․ Քոնկրէսի 117-րդ նստաշրջանի մեկնարկը, Արցախի դէմ սանձազերծուած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վեցշաբաթեայ պատերազմի լոյսին տակ, առիթներ են նոր հնարաւորութեան՝ խթանելու Ա․Մ․Ն․ – Հայաստան յարաբերութիւնները, արծարծելու ատրպէյճանա-թրքկան յարձակողապաշտութիւնը, աջակցելու Արցախի անվտանգութեան եւ իրականացնելու հայ ժողովրդի ազգային և ժողովրդավարական ձգտումները:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը – յանձինս իր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան – եւ ամերիկահայ համայնքը, որպէս մեր գերտէրութեան քաղաքացիներ, իւրաքանչիւրը այս գծով կենսական դեր ունի: Իր հերթին, Հայաստանը բարեբախտութիւնը ունի, որ Ուաշինկթոնի մէջ ներկայացուած երկար տարիներու փորձ ունեցող ու ձեռնհաս դեսպանով` միջազգային դիւանագիտական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ արդիւնաւէտ կերպով առաջ տանելու Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային շահերը: Դեսպանն ու անոր արհեստավարժ թիմը դրական գնահատանքի արժանացած են Ա․Մ․Ն․ իրենց գործընկերներու, ամերիկահայ համայնքի կազմակերպութիւններու լայն շրջանակի և Ուաշինկթոնի արտաքին քաղաքական դէմքերու կողմէ:

