
ԵՐԵՒԱՆ.- Այս տարուան ֆրանսական հեղինակաւոր «Մոլիէր» թատերական մրցանակաբաշխութեան, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, Յունիս 23-ին, Սիմոն Աբգարեան արժանացաւ երեք «Մոլիէր»ներու:Սիմոն Աբգարեան ծնած է 1962-ին եւ 1983-85-ին յաճախած է Փարիզի դերասանական արուեստի միջազգային դպրոցը: 1993ին, կնոջ` դերասանուհի եւ բեմադրիչ Քաթրին Շաուպի հետ Փարիզի մէջ հիմնած է «T.E.R.A.» թատրոնը, որ բեմադրած է դասական եւ ժամանակակից ներկայացումներ: 2009-ին, ան ստանձնած է Միսաք Մանուշեանի դերը Ռոպէր Կէտիկեանի «L’Armée du crime» («Յանցագործներու Բանակ») ժապաւէնին մէջ: Նախապէս, 2001-ին «Հրէշը լուսնի վրայ» ներկայացման համար՝ ֆրանսական թատրոնին կողմէ՝ Աբգարեան արժանացած է մրցանակի: