
Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ խորհրդակցելէ ետք Շրջանային Սկաուտական խորհուրդին հետ, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին պատճառով, որոշած է յետաձգել 32-րդ Շրջանային Ընդհանուր Բանակումը, որ տեղի պիտի ունենար հիւրընկալութեամբ Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղին, Օգոստոս ամսուան ընթացքին։
Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդը ծրագրած է կազմակերպել առցանց բանակում մը, որպէսզի անդամներըդարձեալառիթը ունենան յառաջ տանելու իրենց աշխատանքը:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկաուտական Շրջանային Բանակումները կը մարմնաւորեն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի իմաստալից խորհուրդը հայ գաղութին: Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Բարձրացի’ր, Բարձրացո’ւր» նշանաբանով, սկաուտները կը հաւաքուին համալրելու իրենց ընդհանուր գիտելիքները (տեսական թէ գործնական) եւ վայելելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի ընկերային ու հայկական ոգին: Սկաուտական միջոցառումներէն բոլորը կը հաղորդուին Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մաքուր ոգիով:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ հարցումներու համար դիմել ե-նամակով հետեւեալ հասցէին՝ rsc.eusa@homenetmen.org: