

Մայիս 25-ին, Միննէափոլիսի (Միննեսոթա) մէջ սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտ ամենայն պաղարիւնութեամբ, հակառակ անոր, որ ձերբակալուած էր եւ անկարող դիմադրելու, մահացաւ չդիմանալով սպիտակամորթ ոստիկան Տերեք Շօվինի դաժան միջամտութեան։
Շօվին ճնշած էր Ֆլոյտի խռչափողին վրայ, այնքան մը, որ այս վերջինը ուշակոռոյս, փորձած էր հասկցնել, թէ շնչասպառ էր եւ ․․․կարճ ժամանակաշրջան մը ետք իր հոգին աւանդած էր։ Շօվին միայն երկրորդ աստիճանի մարդասպանութեամբ ամբաստանուեցաւ։ Մինչդեռ Ֆլոյտի ընտանիքը կը պահանջէ, որ ան առաջին աստիճանի մարդասպանութեամբ ամբաստանուի։
Այս պայթուցիկ մթնոլորտի արդիւնք, խռովութիւնները, ցոյցերն ու դժբախտաբար կողոպուտները սաստկացան, Միացեալ Նահանգներու գրեթէ բոլոր քաղաքներուն մէջ, որոնց կարգին յատկապէս Նիւ Եորք, Ուաշինկթըն, Պոսթըն, Լոս Անճելըս, Աթլանթա, Մայամի, եւ ․․այլուր։
Մտահոգութիւնը այն է, թէ քանի մը շաբաթ առաջ, տնտեսութիւնը վերաբանալու ցոյցերուն, որոնց մասնակցողներուն մեծամասնութիւնը սպիտակամորթ էին, աւելի հանդուրժականութիւն ցուցաբերած էին ոստիկանները, սակայն այս անգամ, անոնք բազմիցս ուժի դիմեցին արդարութիւն պահանջող ցուցարարներուն դէմ։
Սպիտակ Տան առջեւ տեղի ունեցան ամենէն աւելի սաստիկ բախումները, մանաւանդ, երբ նախագահ Թրամփ որոշեց այցելել մօտակայ Սէնթ Ճոն եկեղեցին եւ հոն խօսք առնել։