
Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը, Մեծ Եղեռնէն 105 տարի անց` ի նշան յիշատակի ու պահանջատիրութեան, հայ-թրքական սահմանին` պատմական Անի մայրաքաղաքի դիմաց, Շիրակի մարզի հեռաւոր Նորշէն բնակավայրի մօտ 21 մեթր բարձրութեան վրայ վեր խոյացած է 10 մեթր երկարութիւն եւ 5 մեթր բարձրութիւն ունեցող հայոց Եռագոյն դրօշը։
Խորհրդանշական արարողութեան մասնակցած են Շիրակի մարզպետ Տիգրան Պետրոսեան, Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան, պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ:
Նշենք, որ նախաձեռնութիւնը իրականացուեած է Ռուսիա բնակող Ասլանեան, Խռանեան, Գրիգորեան ընտանիքներու աջակցութեամբ: