Ծաղկախտ-Ծաղիկ Small pox

0 0
Read Time:9 Minute, 9 Second

Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան

Մոնրէալ

Ծաղկախտի արիւնոտած վէրքերը կռնակի վրայ

Ծաղկախտը (small pox) ժահրային փոխանցիկ-վարակիչ հիւանդութիւն մըն է: Անոր յարուցիչը-վարակը (causetive agent) Orthopox ժահրն է: Ներկայիս ծաղ-կախտը գրեթէ  ոչնչացած է (eradicated) ամբողջ աշխարհի տարածքին. նոր պա-րագաներ կը տեսնուին հազուագիւտօրէն: Ան պատմութեան անցած է:  Նոյն իսկ մէկ պարագայի մը յայտնութիւնը ամբողջ աշխարհը ահազանգի կը մատնէ: Անցեալին ծաղկախտը միլիոնաւոր մարդոց կեանքը խլած է: Իսկ ապրողները ունեցած են  տարածուն մորթի սպիացում  (scarring) եւ ակնային զանազան բարդութիւններ, նոյն իսկ շատեր կոսնցուցած են իրենց տեսողութիւնը: Ան կը պատահէր աշխարհի չորս ծագերուն բոլոր երկիրներուն մէջ անխտիր եւ որեւէ տարիքի առանց սեռի եւ գոյնի խտրութեան, սակայն առաւելաբար անչափա-հասներուն: Հակառակ որ ծաղկախտը պատմութեան անցած է ուզեցի այս հիւանդութեան մասին գրել յիշեցնելու համար, որ այսպիսի վտանգաւոր հիւանդութիւն մը գոյութիւն ունեցած է անցեալին եւ հակառակ որ ան ոչնչացած է կրնայ օր մը վերյայտնուիլ:

Ծաղկախտը գոյութիւն ունեցած է հազարաւոր տարիներ առաջ եւ ան պատճառ դարձած է միլիոնաւոր անձերու մահուան:

Ծաղկախտը առաջին անգամ յիշատակուած է քրիստոսէ երեք դար առաջ Եգիպտոսի մէջ: Ան կը պատահէր համաճարակի ձեւով (epidemic):

Դարեր առաջ մարդիկ հաստատած են որ ծաղիկով վարակուողը երկրորդ ան-գամ չի վարակուիր: Այս հիմնաւորումով երբ վարակուած անձ մը գտնուէր գիւղի մը մէջ ժողովուրդը իրենց երեխաները կը բերէին առողջ երերխաները վա-րակուած երեխային մօտ որպէսզի վարակումը տեղի ունենար: Այս երեխաները ապագային երկրորդ վարակում չէին ունենար:

Ժամանակին ծաղկախտէ վարակուողներուն 30 տոկոսը մահացած են եւ անոնց  մեծամասնութիւնը մանուկներ եղած են:

18րդ դարուն Եւրոպայի մէջ ծաղկախտի պատճառով տարեկան մահացած են 400,000 անձեր եւ չմահացողներուն  մէկ երրորդը ունեցած են տեսողութեան կորուստ: 1967-ին 15 միլիոն անձեր ծաղկախտով վարակուած են ամբողջ աշ-խարհի մէջ, իսկ 20րդ դարուն ամբողջ աշխարհի մէջ մահացած են 300 միլիոն անձեր:

1798-ին Edward Jenner գտած է պատուաստ մը, որ արգելք հանդիսացած է այս հիւանդութեան: 1967-ին Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպու-թիւնը-ՀԱԿ-ը (WHO) մեծ աշխատանք տարած է որպէսզի բոլորովին անյայտա-ցնէ-ոչնչացնէ ծաղկախտը: 1977-ին  մէկ պարագայ արձանագրուած է Սոմալի մէջ: 1980-ին ՀԱԿ-ը յայտարարած է անոր ոչնչացումը  ամբողջ աշխարհի մէջ:

Small pox անունը գործածուած է Անգլիոյ մէջ առաջին անգամ 16րդ դարուն զա-նազանելու համար այս  հիւանդութիւնը տրփախտէ ( siphylis), որ կը կոչուէր այդ օրերուն Great pox: Անցեալին ծաղկախտը անուանուած է նաեւ pox, speckled monster եւ red plague:

Ծաղկախտը Ամերիկայի մէջ յայտնուած է առաջին անգամ 1600-ական թուա-կաններուն եւ այդ եղած է Եւրոպայէն Ամերիկա հասած գաղթականներու միջո-ցաւ:

Ծաղկախտի ախտանշանները եւ ընթացքը

Ծաղկախտի թխսումի ժամանակաշրջանը (incubation period) 12 օր է, այսինքն՝ վարակումէն մինչեւ առաջին ախտանշանններու յայտնումի ժամանակաշըր-ջանը: Ծաղկախտի ժահրերը կը մտնեն շնչառական համակարգի, բերանի եւ կոկորդի խլնաթաղանթէն (mucosa) ներս եւ հոնկէ կը տարածուին տեղական աւշագեղձերը, ուր  կը բազմանան ապա կը մտնեն արեան շրջագայութեան: Ժահրերը արեան միջոցաւ կը հասնին փայծաղ, հեռաւոր աւշագեղձեր, ողնա-ծուծ, լեարդ եւ այլ օրկաններ: Հեռաւոր աւշագեղձերուն մէջ կը պատահի ժահրե-րուն երկրորդ բազմացումը:

Ծաղկախտի վէրքերը դէմքի վրայ

Վարակուելէ 10-12 օր ետք հիւանդը կ’ունենայ թեթեւ ջերմ, հարբուխի նշաններ, մկանային  ցաւ, յոգնածութիւն, գլխացաւ, փսխունք, սիրտխառնուք, (nausea). այս բոլորը կը տեւեն 2-4 օր:  Այս շրջանը կը կոչուի նախանշան (prodrom): Ասոնց կը յաջորդէ բերնի, լեզուի, քիմքի, կոկորդի բշտիկներուն յայտնաբերումը: Բշտիկները կը մեծնան շուտով, կը բացուին ու մեծ քանակութեամբ ժահրեր դուրս կու գան, որոնք կը ներմուծուին լորձունքին մէջ: Ժահրերը կը հասնին մորթին զանազան բաժինները եւ կը յառաջացնեն մորթացան-ծաղկացան պզուկներով (pinples) եւ բիծերով (macules): Այս վէրքերը նախ կը յայտնուին ճակ-տին վրայ եւ ետքը յաջորդաբար ամբողջ երեսին վրայ, թեւերուն, սրունքներուն առջեւի մասը, ամբողջ իրանը եւ  ոտքերն ու ձեռքերը: Այս մորթային վէրքերւն յայտնումը կը տեւէ 24-36 ժամ, որմէ ետք ոչ մէկ մորթային վէրք կը յայտնուի: Բշտիկներուն գագաթը փոսիկ մը կը կազմուի, որ կը կոչուի ծաղիկի պորտ: Մորթային բշտիկներու յայտնուելով ջերմը կը նուազի, սակայն երբ բշտիկները կը սկսին թարախոտիլ ջերմը կը բարձրանայ եւ մնացեալ ախտանշանները կը սաստկանան: Մի քանի օր ետք մորթացանի վէրքերը կը կեղեւոտին: Այս կեղեւները հետագային մորթէն կը բաժնուին եւ կ’իյնան իրենց ետին ձգելով տարածուն սպիներ:

 

Ծաղկախտը կը յայտնուի 4 խմբաւորումներով՝

  1. Սովորական խմբաւորում, որ կը կազմէ պատուաստ չառնողներուն 90 տո-կոսը: Այս խմբաւորումին մէջ հեղուկային բշտիկները (vesicles) կը վերածուին թարախոտ բշտիկներու (pustule), որոնք մասամբ մը կը բացուին եւ թարախոտ հեղուկ կ’արտածորեն, մի քանի օր ետք կը չորնան եւ  կեղեւ կը կազմեն, որոնք ի վերջոյ  կը բաժնուին մորթէն եւ կ’իյնան: Հոս մորթը կը կորսնցնէ իր բնական գոյնը եւ կը գունազերծուի (depigmentation):
  2. Նախապէս պատուաստ առնողներու խմբաւորում. Այս պարագային ծաղ-կախտը աւելի մեղմ ընթացք կ’ունենայ.
  3. Չարաղէտ խմբաւորում. Այս խմբաւորումին մէջ ծաղկախտը շատ աւելի զօ-րաւոր ախտանշաններ եւ ընթացք կ’ունենայ:
  4. Արիւնահոսային խմբաւորում. Այս խմբաւորումին մէջ հիւանդը զօրաւոր ախտանշաններու կողքին կ’ունենայ նաեւ մորթային, բերանային, կոկորդային եւ ներակնային արիւնահոսութիւն: Արիւնահոսութիւնը առաւելաբար կը պա-տահի չափահասներուն: Մորթային արիւնահոսութիւնը տեղի կ’ունենայ մորթին տակը: Մորթը կը ստանայ մութ գունաւորում: Ակնային արիւնահո-սութիւնը տեղի կ’ունենայ ենթաշաղկապենի-ակնազօդի (subconjunctiva). Տա-րածքին մէջ շաղկապենը կը դառնայ մութ կարմրագոյն: Արիւնահոսութիւն տեղի կ’ունենայ նաեւ փայծաղի (spleen), երիկամներու, մկաններու, լեարդի, սրտամաշկի (pericardium), ամորձիներու (testicles), ձուարաններու (ovaries) եւ միզապարկի (mizabarg) մէջ:

Ծաղկախտի փոխանցում եւ տարածում

Ծաղկախտի փոխանցումը եւ տարածումը տեղի կ’ունենայ ծաղկախտի  ժահրի ներշնչումով: Ան կը փոխանցուի միայն մարդէ-մարդ: Անասուններէ եւ թռչուն-ներէ մարդոց փոխանցում չի պատահիր: Փոխանցումը տեղի կ’ունենայ ամբողջ հիւանդութեան ընթացքին եւ առաւելաբար մորթացանի շրջանին: Ծաղկախտը կը փոխանցուի անձէ անձ ուղղակի եւ անուղղակի ձեւով:

  1. Ուղղակի փոխանցումը տեղի կ’ունենայ երբ առողջ անձ մը կը գտնուի վա-րակուած անձի մը մօտ եւ կը շնչէ անոր՝ հազալով, խնչելով եւ փռնքտալով շնչառական համակարգէն արտահանած ժահրերը: Ծաղկախտի ժահրը կը փոխանցուի ուղղակիօրէն նաեւ ծաղկախտէ վարակուած յղի կնիկէ մը փառի միջոցաւ (placenta) իր սաղմին:
  2. Անուղղակի փոխանցումը տեղի կ’ունենայ երբ առողջ անձ մը դպնայ վա-րակուած անձին գործածած իրերուն, անկողինին եւ հագուստներուն, որովհե-տեւ ծաղիկի ժահրը կ’ապրի հիւանդին իրերուն, անկողինին եւ հագուստներուն վրայ:

Ծաղկախտի ախտաճանաչումը կը կատարուի

  1. Հիւանդին ունեցած ախտանշաններով.
  2. Մորթի վէրքերուն հեղուկի տարրալուծարանային քննութիւններով.
  3. Մորթի վէրքերէն կենսահերձում (biopsy) եւ ախտաբանական քննութիւն կա-տարելով.
  4. Կոկորդի խլնաթաղանթէն կոկորդաջնջանով (throat swab) մասնիկ մը առնելով եւ ախտաբանական քննութիւն կատարելով.
  5. Գօտկատեղային ծակում (lumbar puncture) կատարելով եւ ողնաջուրի (spinal fluid) ախտաբանական քննութիւն կատարելով
  6. Բաց վէրքերուն հեղուկի ախտաբանական քննութիւն կատարելով.

Ծաղկախտը երբեմն կը շփոթուի ջրծաղիկին (chicken pox) հետ: Սակայն ջրծա-ղիկի պարագային վէրքերը ափին եւ ներբանին (sole) վրայ չեն յայտնուիր հակա-ռակ ծաղկախտին: Ծաղկախտի մորթային վէրքերը նոյն չափով կ’ըլլան իսկ ջրծաղիկին վէրքերը՝ տարբեր չափերով:

Կարելի՞ է կանխարգիլել ծաղկախտը

Ծաղկախտը կանխարգիլուի յատուկ պատուաստով մը: Պատուաստը արգելք կը հանդիսանայ ծաղկախտի վարակումին: Ան կը յառաջացնէ դիմադրողակա-նութիւն, որ  կը տեւէ մինչեւ 30 տարի. սակայն այս դիմադրողականութիւնը տա-րիներու ընթացքին կը նուազի: Պատուաստը պատրաստուած է ապրող ժահ-րերէ, որոնք կապակցութիւն ունին ծաղկախտի ժահրին հետ:

Վարակուած անձը պէտք է մեկուսացուի կանխարգիլելու համար ծաղկախտի տարածումը: Այն անհատը որ վարակուած անձի մը հետ հանդիպում կ’ունենայ պէտք պատուաստուի: Պատուաստը կրնայ արգելք հանդիսանալ առողջ անձին վարակման եւ կը մեղմացնէ հիւանդութեան ընթացքը եւ ախտանշանները:

Քրիստոսէ առաջ հնդիկները եւ չինացիները ունէին որոշ գաղափարներ պատ-ուաստումի մասին: Առողջ երեխային թեւը պզտիկ նշտրակով  (lancet) մը կը քերթէին առողջ երեխայի մը թեւը եւ ապա մորթի պատրուածքին վրայ կը տեղադրէին վարակուած երեխային մորթի վէրքերուն թարախը, այսինքն  ծաղկահատութիւն կը կատարէին: Սակայն այս պատաուաստումի ձեւը կը յառաջացնէր վտանգաւոր բարդութիւններ եւ նոյնիսկ մահ, այն աստիճան որ շատ մը երկիրներ ուր ծաղկահատութիւնը ընդհանրացած էր արգիլած են ծաղ-կահատումի  այս միջոցառումը:

Դարեր առաջ մարդիկ նկատած էին կովերուն պտուկներուն վրայ բշտիկներ որոնք կը նմանէին մարդոց ծաղիկի բշտիկներուն. նկատուած էր նաեւ որ կթողներուն մատներուն վրայ նմանօրինակ բշտիկներ կը յայտնուէին: Այս կը կոչուէր կովու ծաղիկ: Տեսնուած էր նաեւ որ կովի ծաղիկով վարակուած անձերը չէին վարակուէր իսկական ծաղիկով:

Edward Jenner ինչպէս որ յիշուեցաւ նախապէս  1796-ին  կը հնարէ ծաղկախտի առաջին պատուաստը եւ կը գործածէ 8 տարեկան տղու մը:  Ան կովի ծաղիկ ու-նեցող անձէ մը կը վերցնէ պատուաստի հիւթը: Այս առաջին փորձը յաջո-ղութեամբ կը պսակուի եւ 8 տարեկան տղան կը բուժուի ծաղիկէն:

Այս առաջին պատուաստը կոչուած է vaccin, որովհետեւ այս բառին արմատը կու գայ լատիներէն vacca բառէն, որ կով կը նշանակէ: Այս պատուաստը գործած-ուած էր կովերուն վրայ, որոնք ախտահարուած էին յատուկ ժահրով մը: Այդ օրերուն ծաղկախտէ վարակուած չափահասներուն 20-60 տոկոսը մահացած է եւ երեխաներուն՝ 80 տոկոսը: 1979ին այս հիւանդութիւնը վերջնականապէս անհետացած է ամբողջ աշխարհի մէջ: Սակայն մինչեւ այդ թուականը շուրջ 500 միլիոն անձ մահացած է ծաղկախտէն:

1900-ական թուականներուն պատուաստումը դարձած է պարտաւորիչ զարգա-ցող երկիրներու մէջ:

Ի՞նչպէս կը կատարուի պատուաստումը

Պզտիկ ասեղի մը ծայրը կը թաթխենք պատուաստի հեղուկին, մորթը ասեղով կը ծակծկենք թեւին վերի մասը ուսին մօտ 10-15 անգամ: Պատուաստի վայրը 3-4 օր ետք կը կարմրի, կը քերուըտի, պզտիկ ուռեցք մը կը կազմուի, որ ետքը կը թարախոտի, թարախը կը հոսի, շաբաթ մը ետք փշտիկը կը չորնայ եւ կեղեւ կը կազմուի, փշտիկը կը չորնայ եւ կեղեւը կ’իյնայ: Մօտակայ աւշագեղձերը կ’ուռին կը մեծնան եւ թեթեւ ջերմ մը կը պատահի:

Պատուաստը ապահով միջոցառում մըն է:  Մէկ միլիոն պատուաստուողներէն մէկը կը մահանայ ուղեղատապի  (encephalitis) պատճառով: Հազար պատուաստ ստացողներէն  մէկը կ’ունենայ բարդութիւններ:

ՀԱԿ-ը ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս 1980-ին յայտարարած է, որ ծաղկախտը աշխարհի տարածքին ոչնչացած-անհետացած է շնորհիւ իր կատարած  համա-տարած պատուաստումի արշաւին:

Ծաղկախտի համաշխարհային անյայտացումէն ետք երեխաներուն սովորա-կան  (routine) պատուաստումը Ամերիկայի եւ Եւրոպայի  մէջ ընդհատուած է 1982-ին: 1986-էն ետք բոլոր երկիրներու մէջ երեխաներուն պատուաստումը ընդհատուած է:

Ըստ  ՀԱԿ-ի 1977-էն ետք ծաղկախտի ժահրի հաւաքածոն բոլորովին ոչնչուած է, սակայն ծաղկախտի ժահրի հաւաքածոյէն մաս մը  գոյութիւն ունի երկու կեդրոններու մէջ՝ մէկը Ամերիկա եւ երկրորդը Ռուսիա: Այս երկու կեդրոնները պետական խիստ  հսկողութեան տակ են: Մտավախութիւն կայ, որ զանազան զինուորական կազմակերպութիւններ զանազան երկիրներու մէջ որոշ քանա-կութեամբ ծաղկախտի ժահրէն  ունին եւ անոնք կրնան գործածել որպէս պատե-րազմական մահացու միջոց:

Ի՞նչպէս կը դարմանուի ծաղկախտը

Ծաղկախտէ վարակուող հիւանդներուն մեծամասնութիւնը կը բուժուին ինքնա-բերաբար եւ կ’ունենան երկարատեւ դիմադրողականութիւն ծաղկախտի դէմ, այսինքն եթէ անոնք վարակուած անձի մը հետ շփում ունենան ընդհանրապէս չեն վարակուիր: Ծաղկախտով վարակուած հիւանդներէն մաս մը կը մահանան: Ծաղկախտի դէմ հիմնական դարմանամիջոց գոյութիւն չունէ մինչեւ օրս: Կան որոշ հակաժահրային դեղեր, որոնք մասամբ մը կը մեղմացնեն հիւանդութեան ընթացքը: Վարակումէն ետք առաջին երեք օրերու ընթացքին պատուաստը որոշապէս կը մեղմացնէ ախտանշանները: Անշուշտ որ կան լրացուցիչ եւ նեցուկային  (supportive) միջոցներ, որոնք կը  մեղմացնեն ծաղկախտի ընթացքը: Հիւանդը պէտք է առատ հեղուկ խմէ, հակաջերմ դեղ առնէ եւ  բերանը օրական մի քանի անգամ մաքուր ջուրով լուայ: 2018-ին Tecovirimat կոչուած դեղը գտնուած է Ամերիկայի մէջ: Ան արտօնուած դեղ մըն է Ամերիկայի մէջ որպէս ծաղկախտի դարմանամիջոց:

Ծաղկախտի բարդութիւնները

Բժիշկ Վահան Արծրունիին գիրքը

Ծաղկախտէ վարակուած անձը կրնայ ունենալ հետեւեալ բարդութիւնները:

  1. Ցնցղատապ (bronchitis), թոքատապ (pneumonia), խռչափողատապ եւ ձայնա-լարերու բորբոքում, որ պատճառ կը դառնայ շնչահեղձութեան: Այս պարագային շնչփողածակում (tracheotomy) պարտաւորիչ կը դառնայ որպէս շտապ բժշկա-կան միջոցառում.
  2. Ուղեղատապ.
  3. Ակնային բարդութիւններ՝ ակնազօթաբորբ (conjunctivitis), ցանցէնիի արիւ-նահոսութիւն (retinal bleeding), եղջերիկի թարախաբշտիկներ (corneal pustules), եղջերիկի բորբոքում (keratitis), եղջերիկի խոց (corneal ulcer), ծիածանաբորբ (iritis), տեսողութեան ջիղի հիւծում (optic nerve atrophy) եւ կուրութիւն:
  4. Յօդաբորբ (arthritis), արմուկի, ոլոքի (tibia) եւ նրբոլոքի (fibula) ոսկրատապ (osteomyelitis) ինչպէս նաեւ յօդերու անշարժութիւն (ankylosis) եւ ոսկորներու տձեւութիւն:
  5. Միջին ականջի բորբոքում եւ թմբկաթաղանթի պատրուածք, որոնք հետե-ւանքն են Եւստաքեան խողովակի (Eustachian tube) ծաղկախտով բորբոքումին.
  6. Կոկորդի եւ երիկամներու բորբոքում.

Հոս կ’ուզեմ արձանագրել, որ 1904-ին այսինքն 116 տարի առաջ Թիֆլիսի մէջ  հրատարակուած է բժիշկ Վահան Արծրունիի 48 էջերով նկարազարդ «Ծաղիկ եւ պատուաստ» գիրքը: Բժիշկ Վահան Արծրունի բծախնդրութեամբ եւ գիտական մօտեցումով պատրաստած է այս գիրքը:

 

Գիրքը  գրուած է շատ մաքուր արեւմտահայերէնով: Ամբողջ գիրքը հարուստ է բժշկական հայերէն բառամթերքով:  Յարգելի բժիշկը բժշկական օտար-ոչ հայե-րէն բառամթերք բնաւ չէ գործածած: Մեծ հաճոյքով կարդացի այս գիրքը եւ այն տպաւորութինը ունեցայ, որ ան այսօր գրուած է:

 

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles