ԱմերիկահայԳլխաւորԼրահոս
Մասաչուսէցի Հայ Դատի Յանձնախումբէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ծերակուտական Ուարընի Գրասենեակը

ՊՈՍԹԸՆ․- Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի Յանձնախումբը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Մասաչուսէցի նահանգէն Հայ Դատի պատուիրակութիւն մը այցելած է ծերակուտական Էլիզապէթ Ուարընի գրասենեակը եւ հանդիպում մը ունեցած վարիչ տնօրէն՝ Ֆառահ Ռիտորի հետ։

