Ա․Մ․Ն․ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ԾՈՒԽԵՐԸ ՆՇԵՑԻՆ ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄՆ ՈՒ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔԸ

Ս. Աստուածածնի վերափոխման կամ խաղողօրհնէքի տօնը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն մէկն է, որ կը նշուի ամէն տարի Օգոստոս 15-ի ամենամօտ կիրակին:
Աւանդութեան համաձայն, այդ օրը մարդիկ եկեղեցի կը տանին խաղողի առաջին բերքը: Օրհնուած բերքը կը բաժնուի հաւատացեալներուն եւ պարտադիր է, որ խաղողը համտեսուի միայն օրհնուելէն ետք:
Կիրակի, Օգոստոս 18-ին, Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի ծուխերը Վերափոխման տօնն ու Խաղողօրհնէքը նշեցին։ Արեւոտ եղանակին շնորհիւ, կարգ մը ծուխեր միացուցած էին տօնն ու տարեկան դաշտահանդէսը, հաւատացեալները քով-քովի բերելով՝ Խաղողօրհնէքի ու մատաղօրհնէքի համար։


Աստուածամայրը վաղուց ճանչցուած է որպէս եկեղեցւոյ մայր: Սակայն, հայ ժողովուրդին համար Աստուածածինը աւելի սերտ ու հարազատ կերպար ստացած է: Դարեր շարունակ Աստուածամայրը եղած է մայրութեան անգերազանցելի տիպարը բոլոր մայրերուն, եւ մանաւանդ` հայ մօր:
Մայրը այն սուրբ ու նուիրական արարածն է, զոր Աստուած իր փոխանորդը նշանակեց ընկերութեան մէջ: Անփոխարինելի ու էական է մօր ներկայութիւնը մարդկային կեանքին մէջ:


Աստուածածնայ տօնին յաջորդող օրը մեռելոց է: Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հանգուցեալներու հոգիներուն խաղաղութեան համար հոգեհանգստեան պատարագ կը մատուցուի, որմէ ետք հաւատացեալները կ՛այցելեն իրենց հարազատներուն շիրիմները:
Ըստ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ, Աստուածածնի վերափոխման տօնին տօնելի են` Մարիամ, Մարօ, Մարի, Տիրուհի, Սրբուհի, Թագուհի, Լուսիկ, Արեգ, Արեւիկ, Աղաւնի, Մարգարիտ, Նազելի, Պերճուհի, Արշալոյս, Գեղանի… անունները:


Կարգ մը ազգագրագէտներու համաձայն, խաղողօրհնէքի աւանդութիւնը կու գայ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանէն եւ կապուած է Նաւասարդի տօնին հետ: Խաղողօրհնէքը անցեալին եղած է պտղաբերութեան եւ մայրութեան աստուածուհի` Անահիտի փառաբանման օրը: Այդ օրը մարդիկ մատաղ կ՛ընէին եւ Անահիտին կը զոհաբերէին իրենց առաջին բերքը:


Խաղողի օրհնութենէն բացի, կը կազմակերպուէին տօնական երգ, պար եւ խաղեր: Ճոխ սեղաններ կը սարքուէին աւանդական պտուղներով եւ ուտեստեղէններով:
Հետագային, քրիստոնէական շրջանին, խաղողօրհնէքի տօնը եկեղեցին միացուց Աստուածածնի վերափոխման տօնին: Եկեղեցին կ՛օրհնէ միայն խաղողը, որովհետեւ անիկա կը համարուի ազնուագոյն պտուղներէն մէկը եւ խաղողէն է, որ կը պատրաստուի պատարագի գինին, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոսի արիւնը:




