Յօդուածներ

ՔԱՂՑԿԵՂ ԵՒ ՔԱՂՑԿԵՂԱՅԻՆ ՈՒՌԵՐ.-  CANCER AND CANCEROGENIC MASSES

Բժիշկ կարպիս Հարպոյեան

Մոնրէալ

 

      Քաղցկեղը մարմինի հիւսկէններու բջիջներուն անկանոն, արագընթաց, անհակակշռելի բազմացման, աճման եւ զարգացման հիւանդութիւնն է,  որ կը յառաջացնէ անբնական եւ ախտային ուռեր: Քաղցկեղը կրնայ յառաջանալ մարմինի որեւէ մէկ հիւսկէնի կամ օրկանի մէջ: Ան կը հարուածէ ամբողջ մարդկութիւնը, առանց գոյնի, տարիքի, սեռի, ցեղային եւ ընկերային պատկանելութեան ու տնտեսական իրավիճակի խտրութեան: Քաղցկեղային ուռ մը կը սկսի աննշմար եւ գաղտագողի, առանց որեւէ ազդանշանի: Ընդհանրապէս 5-10 տարիներ ետք ան շօշափելի չափի կը հասնի: Քաղցկեղային ուռերուն մեծամասնութիւնը կը սկսի 25-40 տարիքի միջեւ եւ երբեմն շատ աւելի կանուխ եւ նոյնիսկ պզտիկ տարիքի: Տարեցները համեմատաբար աւելի քաղցկեղ կ՚ունենան քան երիտասարդները, որովհետեւ ինչպէս ըսուեցաւ՝ քաղցկեղի բջիջները զարգանալու եւ յայտնուելու համար պէտք ունին երկար տարիներու: Համաշխարհային բժշկական կազմակերպութիւններու ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, քաղցկեղի պարագաները անցնող 100 տարուան ընթացքին մեծ համեմատութեամբ շատցած են: Ներկայիս աշխարհի բնակչութեան 1/3ը կը տառապի քաղցկեղէ: 1901-ին այս համեմատութիւնը եղած է 1/8000:

Ինչպէ՞ս կը զարգանայ քաղցկեղը:

Advertisement Subscribe Today

Մարմնի բջիջներու բազմացումը, աճը եւ զարգացումը տեղի կ՚ունենան բջիջներու կիսուելու գործընթացով մը, որ կը կոչուի հաւասարաբաժանում (mitosis): Այս գործընթացը կը գտնուի յատուկ ծիներու հսկողութեան ներքեւ եւ կ՚ընթանայ յստակ կանոնաւորութեամբ, ուր ամէն մէկ բջիջ կիսուելով կը ստեղծուին երկու նոյնանման նոր բջիջներ, որոնք կ՚ունենան համահաւասար ժառանգական բաղադրիչով (DNA) հարուստ երփնամարմիններ (chromosomes) եւ ծիներ (genes): Երբ այս ծիները այլափոխուին (mutate) բջիջներու բնական եւ կանոնաւոր բազմանալու գործընթացը կը խախտի եւ կը փոխարինուի անբնական բազմանալու գործընթացով մը, եւ կը յառաջանան թերի եւ ախտաւոր բջիջներ, որոնք կը կոչուին քաղցկեղային բջիջներ: Քաղցկեղային բջիջները բազմանալու, աճելու եւ զարգանալու աւելի կարճ ժամանակամիջոց ունին, քան առողջ բջիջ մը: Անոնք կ՚ապրին երկար ժամանակ, կը ծաւալին անկաշկանդ եւ անօրէն, կը բազմանան արագօրէն եւ կը կազմեն քաղցկեղային ուռեր: Ծիներու այլափոխումին հետ կրնայ պատահիլ նաեւ երփնամարմիններու այլափոխումը, որ տեղի կ՚ունենայ  զանազան ձեւերով՝ երփնամարմինի մէկ մասը կ՚անյայտանայ (delete), երփնամարմինը կը տեղափոխուի (translocate) եւ երփնամարմինը կ՚ունենայ իր կրկնապատկերը (duplicate): Այլափոխուած երփնամարմիններն ալ պատճառ կը դառնան կարգ մը քաղցկեղներու զարգացման: Ժառանգական բաղադրիչով հարուստ ծիները եւ երփնամարմինները կ՚այլափոխուին, երբ անոնք ենթակայ ըլլան վնասակար եւ այլափոխութիւն յառաջացնող նիւթերու, որոնք կը կոչուին քաղցկեղածին նիւթեր (carcinogens, cancerogenic substances):

Կարգ մը քաղցկեղաբաններ (cancerologist) կ՚ըսեն, թէ ամէն մարդ իր մարմնին մէջ ունի քաղցկեղի բջիջներ, սակայն անոնք անտեսանելի կը մնան մինչեւ որ անոնց թիւը հասնի երկիլլիոններու: Երբ կ՚ըսուի, թէ անհատ մը ազատ է քաղցկեղի բջիջներէ, այդ մէկը կը նշանակէ, որ մասնագէտ ախտաբանը չէ կրցած քաղցկեղի բջիջներ տեսնել իր քննութեան ընթացքին: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կեանքի ընթացքին կը զարգացնէ իր մէջ քաղցկեղի բջիջներ, սակայն ախտամերժութեան ուժականութիւնը կը քանդէ եւ կը փճացնէ զանոնք ու արգելք կը հանդիսանայ անոնց բազմանալուն եւ ուռի կազմաւորման:

Քաղցկեղներու մեծամասնութիւնը կը կոչուի քաղցկեղային ուռ (carcinoma), որ կը ծագի մարմնի շատ մը օրկաններու մակերեսային բջիջներէն: Մսուռուցք (sarcoma) կոչուած քաղցկեղները հազուագիւտ են եւ անոնք կը ծագին ընդհանրապէս մկաններու, ոսկորներու, կռճիկներու եւ թելաւոր հիւսկէններու մէջ: Սպիտակարիւնութիւնը (leukemia) կը զարգանայ արեան ճերմակ գնդիկներու բջիջներէն, իսկ աւշային ուռը (lymphoma) կը զարգանայ աւշագեղձերու մէջ:

Քաղցկեղային ուռերը ունին երեք յստակ յատկութիւններ՝ բջիջներու անհակակշռուած աճ-բազմացում-զարգացում, մօտակայ հիւսկէններու ներխուժում (invasion) եւ հեռաւոր օրկաններ եւ վայրեր տարածում-տեղաշարժ (metastasis): Քաղցկեղային բջիջները կը տարածուին մօտակայ եւ հեռաւոր վայրեր արեան եւ աւշային անօթերու (lymphatics) միջոցաւ: Կազմաւորուած քաղցկեղային ուռի մը միլիոնաւոր բջիջները շուտով կը մտնեն արեան շրջանառութեան մէջ: Սակայն այս բջիջներուն մեծամասնութիւնը կ՚ոչնչանայ եւ քանի մը հատը միայն արեան անօթներէն դուրս սպրդելով կը ներխուժեն որոշ հիւսկէն մը կամ օրկան մը:

Քաղցկեղաբաններ նկարագրած են քաղցկեղային ուռերը տարբեր-տարբեր դասակարգումներով եւ աստիճանաւորումներով (staging): Անոնց դասակարգումը խիստ կարեւոր է դարմանումի եղանակի որդեգրման եւ ապաքինման տարողութիւնը գիտնալու համար: Այս աստիճանաւորումնէն մէկը նկատի կ՚առնէ քաղցկեղային ուռին չափը, անոր կապակցութիւնը մօտակայ եւ հեռաւոր աւշագեղձերուն հետ եւ անոր տարածումը մարմնի հեռաւոր վայրերը: Ուրիշ մէկ տարբերակով, քաղցկեղի դասակարգումը կը նկարագրուի չորս փուլերով: Առաջին փուլ՝ ուր քաղցկեղային ուռը առաւելագոյնը 2 սմ է, առանց հեռաւոր տարածումի: Այս փուլին ախտաճանաչուած քաղցկեղը դարմանելի է, դրական արդիւնքով: Երկրորդ փուլ՝ ուր քաղցկեղային ուռը 2 սմ-է աւելի մեծ է եւ հեռաւոր տարածումի նշաններ ունի: Երրորդ փուլ՝ ուր քաղցկեղային ուռը ա՛լ աւելի մեծ է եւ տարածուած է հեռաւոր վայրեր: Չորրորդ փուլ՝ ուր քաղցկեղային ուռը աւելի ծաւալած է եւ անշարժ է: Այս փուլին ուռը կարելի չէ հատել: Այս չորս փուլային դասակարգումը ի զօրու չէ վատորակ սեւայտուցի (malignant melanoma) պարագային:

Քաղցկեղի յառաջացման հիմնական ախտապատճառը քաղցկեղածին նիւթերն են, որոնք այլազան են եւ կը գտնուին զանազան ձեւերու եւ պայմաններու տակ: Հետեւեալները կարեւոր քաղցկեղածին նիւթեր եւ ազդակներ են.’

Ա. Թունաւոր քիմիական նիւթեր

ա. Formaldehyde, որ անգոյն գրգռիչ թունաւոր կազ մըն է.

բ. Vinyl chloride, որ անգոյն կազ կամ հեղուկ մըն է. ան կը գործածուի կերպընկալ նիւթերու (plastics) պատրաստութեան մէջ.

գ. PVC (polyvinyl chloride) որ կը գործածուի որպէս պաշտպանողական նիւթ անդրմանիշակագոյն ճառագայթներու դէմ, նաեւ շինանիւթերու եւ այլ նիւթերու պատրաստութեան մէջ.

դ. Բորակատ/բորակ/ազոտային թթուի աղ (nitrite), որ քիմիական աղ մըն է եւ կազմուած է բորակական թթուէ  (nitric acid, HNO3  ). ան կը գործածուի շատ մը պատրաստ կերակուրներու մէջ.

ե. Paradichlorobenzene, որ կը գտնուի լուացարաններու եւ բաղնիքներու հականեխիչ հեղուկներու մէջ.

զ. Միջատասպան (pesticides) դեղեր.

է. Perchloroethylene, որ կը գտնուի գորգեր մաքրելու քիմիական նիւթերու մէջ.

ը. Ներկերու զանազան տեսակներ.

թ. DDT, որ ուժեղ միջատասպան մըն է.

ժ. Հականեխիչ հեղուկներ.

ժա. Մազի գունաւորման  ներկեր.

ժբ. Պատրաստ կերակուրներու մէջ գործածուած յաւելանիւթեր (additives)։

 

Բ. Մետաղներ՝ զառիկ (arsenic), որ թունաւոր սրճագոյն նիւթ մըն է, կտաւաքար (asbestos), հեղուկ ածխաջրածին (benzene/gasoline), սնդիկ (mercury), կադմիում (cadmium) եւ նիկել (nickel).

Գ. Շողարձակում (radiation)՝ Ք-ճառագայթ (X-ray), ատոմական եւ հիւլէական     ուժանիւթ, արեւու ճառագայթ / անդրմանիշակագոյն ճառագայթ (UVL).

Դ. Միջավայրային ազդակներ՝ ապականութիւն (pollution) եւ ծխամշուշ (smog).

Ե. Ներծորոյթներ (hormones).

Զ. Կենցաղային ազդակներ` ծխախոտի բոլոր տեսակները եւ ալքոլ։

 

Վերոյիշեալ նիւթերու կողքին կան հազարաւոր այլ քաղցկեղածին նիւթեր, որոնք կը գտնուին մեր տուներուն մէջ գործածուած շատ մը նիւթերու եւ առարկաներու մէջ, օրինակ՝ լուացքի դեղեր, հականեխիչ հեղուկներ, սննդեղէններ, գորգեր, կահկարասի, հակաքրտնաբեր եւ մազի ջրթոցներ (spray), օճառ, մանուկներու հեղուկ օճառ եւ տալկափոշի (talcum powder): Ըմպելի ջուրը կրնայ պարունակել քաղցկեղածին նիւթեր, եթէ անոր հասնին կոյուղիի ապականած աղտոտութիւնները: Խորովածի պատրաստութեան ընթացքին արտադրուած թունաւոր կազեր եւ նիւթեր կրնան պարունակել քաղցկեղածին նիւթեր: Նոյնպէս՝ այրած միս կամ այլ սննդեղէններ։ Կարգ մը մանրէներ (bacteria), ժահրեր (virus), մակաբոյծներ (parasite) եւ որդեր ունին քաղցկեղածին յատկութիւններ: Չափազանց ճարպի գործածութեամբ աւելի հակամէտ կ՚ըլլանք քաղցկեղի զարգացման:

Քաղցկեղի ախտանշանները ընդհանարապէս ի յայտ կու գան շատ ուշ: Տեղային քաղցկեղի պարագային բացայայտ ախտանշաններն են՝

  1. Շօշափելի ուռի մը գոյութիւնը, որ կրնայ ըլլալ՝ շարժուն կամ անշարժ, կակուղ կամ քարացած, պզտիկ կամ մեծ.
  2. 2. Խոց (ulcer) եւ արիւնահոսութիւն.
  3. 3. Ցաւ, որ կը պատահի շատ ուշ եւ մասնաւորապէս ոսկորներու տարածուած քաղցկեղի պարագային:

Տարածուած քաղցկեղի պարագային ախտանշաններն են՝ տեղային քաղցկեղի ախտանշաններ առաւել մօտակայ եւ հեռաւոր աւշագեղձերու յայտնաբերում, փայծաղի (spleen) եւ լեարդի ծաւալում ու քաղցկեղային ուռերու յայտնաբերում ուղեղի, թոքերու, որոշ ոսկորներու, ոսկրածուծի, ողնածուծի եւ լեարդի մէջ:

Քաղցկեղի բոլոր տեսակներու հետեւանքով ի յայտ կու գան մարմնական զանազան ախտանշաններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ կշիռքի կորուստ (նիհարնալ), ախորժակի նուազում, նողկանք, յոգնածութիւն, գիշերային քրտինք, սակաւարիւնութիւն (anemia), մարմնական ընդհանուր ցաւ, ընկճուածութիւն եւ մտահոգութիւն:                                                                                      Վերոյիշեալ ախտանշաններուն հետ կ՚երեւին նաեւ զանազան այլ ախտանշաններ, որոնք իւրայատուկ են իւրաքանչիւր օրկանի քաղցկեղին:

Քաղցկեղի հիմնական  ախտապատճառը ընդհանրապէս կարելի չէ գիտնալ ախտաճանաչումի սկզբնաւորութեան: Քաղցգեղագէտներ համաճարակագիտական (epidemiologic) ուսումնասիրութիւններու ընդմէջէն գտած են շատ մը քաղցկեղներու ախտապատճառները: Այս ախտապատճառներէն իւրաքանչիւրը առնչուած է որոշ օրկաններու քաղցկեղի ախտահարման հետ, օրինակ՝

  1. Ծխախոտը՝ թոքերու, շնչափողի, խռչափողի, որկորի (esophagus), ըմբանի (pharynx), լեզուի, շրթունքի,  բերանի, շարոյրի (pancreas), արգանդավիզի (cervix) եւ միզապարկի (urinary bladder) քաղցկեղներուն հետ: Ծխախոտ ծխող մը 14 անգամ աւելի հաւանականութիւն ունի թոքի քաղցկեղ ունենալու քան չծխող մը.
  2. Կենդանական ճարպի չափազանց գործածութիւնը՝ հաստ աղիքի, վերջնաղիքի (rectum), շագանակագեղձի (prostate gland), թոքի, կրծքագեղձի (breast) քաղցկեղներուն հետ.
  3. Ալքոլի չափազանց գործածութիւնը՝ բերանի, որկորի, ըմբանի եւ խռչափողի քաղցկեղներուն հետ ինչպէս նաեւ կիներու կրծքագեղձի քաղցկեղին հետ.
  4. Ք-ճառագայթներու շողարձակումի ենթակարկուիլը՝ սպիտակարիւնութեան աւշանօթային (lymph node) քաղցկեղի եւ մորթային քաղցկեղներուն հետ.
  5. Արեւու անդրմանիշակագոյն ճառագայթները՝ մորթային քաղցկեղի եւ սեւայտուցի (melanoma) հետ.
  6. Ատոմական ուժանիւթի շողարձակումը՝ մարմնի զանազան տեսակի քաղցկեղներուն հետ, առաւելաբար՝ ոսկրածուծի եւ վահանագեղձի (thyroid gland) քաղցկեղներուն հետ.
  7. Միջատասպան նիւթեր՝ աւշագեղձերու քաղցկեղի եւ սպիտակարիւնութեան հետ .
  8. Նիկել՝ թոքերու եւ քիթի խոռոչներու քաղցկեղներուն հետ.
  9. Քարիւղ՝ սպիտակարիւնութեան եւ աւշագեղձերու քաղցկեղին հետ.
  10. Կտաւաքար՝ թոքերու եւ ստամոքսա-աղիքային քաղցկեղներուն հետ.
  11. Զառիկ՝ թոքերու եւ մորթի քաղցկեղին հետ.
  12. Որոշ մանրէներ՝ աւշագեղձերու քաղցկեղին հետ.
  13. Որոշ ժահրեր՝ հեշտոցի (vagina), լեարդի եւ աւշագեղձերու քաղցկեղներուն հետ.
  14. Որոշ որդեր եւ մակաբոյծներ՝ միզապարկի քաղցկեղին հետ.
  15. Որոշ ներծորոյթներ՝ կրծքագեղձի, արգանդի (uterus), շագանակագեղձի, ամորձիներու եւ վահանագեղձի քաղցկեղներուն հետ.
  16. Կովու, ոչխարի եւ խոզի սեւ միս՝ հաստ աղիքի, սրբանի, կրծքագեղձի, շագանակագեղձի եւ երիկամի քաղցկեղներուն հետ.
  17. Ալքոլ՝ բերանի, կոկորդի, խռչափողի, որկորի, լեարդի, հաստ աղիքի, սրբանի, կրծքագեղձի եւ թոքի քաղցկեղներուն հետ.
  18. Մազի գունաւորման ներկեր՝ միզապարկի քաղցկեղի հետ:

Քաղցկեղի ախտաճանաչումը կը կատարուի հետեւեալ գործընթացով.

  1. Լսել հիւանդը եւ անոր հիւանդութեան պատմականը։
  2. Կատարել բժշկական մանրակրկիտ քննութիւն։
  3. Կենսահերձում (biopsy) կատարել ախտաբանական քննութեան համար, մասնաւորաբար՝ ունենալու համար բջիջներու ծինային անբնական երեւոյթները: Այս մէկը խիստ կարեւոր է, որովհետեւ անոր արդիւնքին վրայ հիմնուելով կ՚որոշուի դարմանումի եղանակը:
  4. Կատարել զանազան Ք-ճառագայթային, մաքնիսարձագանգային (MRI), եւ համակարգչային շերտագրական նկարահանումներ (CT Scan)։
  5. Կատարել արեան զանազան տեսակի քննութիւններ։
  6. Կատարել աւշագեղձերու ախտաբանական քննութիւն: Հոս տեղին է յիշել, որ իւրաքանչիւր օրկանի քաղցկեղին համաձայն կը կիրարկուին ախտաճանաչումի յատուկ քննութիւններ:

 

Քաղցկեղի դասական (conventional) դարմանումը հիմնուած է անոր աստիճանաւորումին եւ դասակարգումին վրայ: Ընդհանրապէս քաղցկեղի դարմանումը կը կատարուի հետեւեալ դարմանամիջոցներով.

  1. Վիրաբուժական վիրահատում՝ մասնակի կամ ամբողջական հատում եւ ամբողջական վիրահատում ապահով սահմաններով։
  2. Քիմիադարմանում (chemotherapy). ան կը սպանէ քաղցկեղի բջիջները, սակայն ան կը սպանէ նաեւ արագօրէն աճող եւ բազմացող առողջ բջիջներ կարգ մը օրկաններու մէջ, օրինակ՝ ոսկրածուծ (bone marrow) եւ ստամոքսա-աղիքային համակարգ: Քիմիադարմանումը վատ անդրադարձ կ՚ունենայ լեարդին, երիկամներուն, սիրտին եւ թոքերուն վրայ։
  3. Ք-ճառագայթներով դարմանում (X-ray therapy). Ք-ճառագայթները կ՚այրեն նաեւ ուռին շուրջը գտնուող առողջ բջիջները եւ կը յառաջացնեն որոշակի սպիներ: Ինչպէս Ք-ճառագայթային դարմանոմը, քիմիա դարմանումը եւս կը վնասէ մարմինի ընդհանուր դիմադրողական համակարգին, որուն հետեւանքով կը յառաջանան մարմնական զանազան յաճախակի բորբոքումներ եւ բարդութիւններ։
  4. Վարակամերժութիւնը (immunity) զօրացնող դեղերու գործածութիւն:

Վերոյիշեալ դարմանումի միջոցները կ՚օգտագործուին անջատաբար կամ հաւաքաբար:

Կը մատուցուի նաեւ ժամանակաւոր ամոքիչ խնամք՝ նուազեցնելու համար հիւանդին տառապանքը, ցաւը եւ հոգեկան, զգացական, հոգեբանական ու ընկերային ճնշուածութիւնը:

Քաղցկեղի դասական դարմանամիջոցներու կողքին կան նաեւ տարբեր-տարբեր մօտեցումներ եւ դարմանական միջոցառումներ, որոնք կը կոչուին ոչ-դասական բժշկութիւն (non-conventional): Աս կ’ընդգրկէ «փոխընտրական բժշկութիւն»ը եւ «լրացուցիչ բժշկութիւն»ը (complementary medicine):

Գոյութիւն ունին քաղցկեղի փոխընտրական եւ լրացուցիչ դարմանամիջոցներու զանազան մօտեցումներ եւ ձեւեր, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝

  1. Բնութաբուժութիւն (naturopathy). բնութաբուժութեան կողմէ օգտագործուած ախտամիջոցներն են՝ խորհրդատուութիւն, մարմնամարզանք, խոտաբոյսեր, ջրաբուժութիւն (hydrotherapy) եւ մասնաւոր սննդականոն:
  2. Չինական բժշկութիւն, որ կը հաւատայ կեանքի ուժականութեան կարեւորութեան վրայ: Ան կը գործէ մարմնին մէջ գտնուող երկու հակադիր՝ YIN եւ YANG ուժերու հաւասարակշռութեամբ:
  3. Մարմնամտային (body-mind) դարմանամիջոց։ Այս մէկը հիմնուած է այն տրամաբանութեան վրայ, որ մտային եւ զգացական ազդակներ կ՚ազդեն մարդուն ֆիզիքական առողջութեան: Ան կը գործէ հոգեբանական, կենցաղային եւ ընկերային միջոցառումներով՝ պահելու համար անհատին առողջութիւնը եւ արգելք հանդիսանալու հիւանդութեան կամ դարմանելու հիւանդութիւնը:
    Մարմնամտային ընթացիկ դարմանամիջոցներ են.
    ա. Քնաբուժութիւն (hypnotherapy)։
    բ. Խորհրդածում (meditation) եւ ինքնակեդրոնացում։
    գ. Հանդարտեցման եւ թուլացման մարզանքներ եւ միջոցառումներ։
    4. Կենսաբանական դարմանամիջոց, որ հիմնուած է բնականօրէն գոյութիւն ունեցող կենսաբանական նիւթերու, սննդականոնի, խոտաբուսակերութեան, գերկենսանիւթերու  մետաղներու եւ բնասպիտի գործածութեան վրայ:
    5. Մարձաբուժութիւն (massage therapy)։
    6. Ուժաբուժութիւն (energy therapy). ուժաբուժութիւնը կ՚օգտագործէ մագնիսական ուժը. անիկա կը կիրարկուի մասնաւորապէս ցաւի դէմ մագնիսներու գործածութեամբ:
  4. Երաժշտութիւնը նաեւ օգտագործուած է որպէս լրացուցիչ դարմանամիջոց: Հանդարտեցնող երաժշտութիւնը իր դանդաղ, սահուն եւ մեղմ յատկութիւններով կը մեղմացնէ անհատին մտահոգութիւնը, ընկճուածութիւնը, սրտի զարկը եւ զարկերակային ճնշումը: Ան կը բարելաւէ անհատին մտային եւ հոգեկան ներաշխարհը, ինչպէս նաեւ կը բարձրացնէ անոր ֆիզիքական կարողականութեան մակարդակը:
    Վերոյիշեալ ոչ-դասական բոլոր դարմանամիջոցներէն անկախ, վերջին տասնամեակներուն զանազան երկիրներու մէջ աղօթքը որպէս հաւատքի աղբիւր զօրաւոր դարմանամիջոց նկատուած է:

 

Ժողովուրդը ունի այն տպաւորութիւնը, որ ամէն անձ որ քաղցկեղով ախտաճանաչուած է կը նկատուի մահուան դատապարտուած եւ անյոյս հիւանդ մը: Սակայն իրականութիւնը այդ չէ: Քաղցկեղի սկզբնական կանուխ ախտաճանաչումով եւ շուտափոյթ ու ամբողջական դարմանումով անհատը կը ձերբազատուի իր հիւանդութենէն եւ կ՚ապրի երկար տարիներ առանց որեւէ մէկ դժուարութեան եւ վատ հետեւանքներու: Յառաջացած եւ ուշ ախտաճանաչուած պարագաները ունին ապաքինման քիչ կարելիութիւն: Շատ յառաջացած եւ տարածուած քաղցկեղի պարագային՝ դարմանումի եւ ապաքինման ոչ մէկ նշոյլ կարելի է ունենալ:

Կարելի՞ է կանխարգիլել քաղցկեղի զարգացումը: Այո՛, մասամբ:                       Կարելի է կանխարգիլել քաղցկեղներու կարեւոր մէկ տոկոսը պարզապէս մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով միջավայրային եւ կենցաղային շատ մը ազդակներու վրայ, օրինակ՝  բնաւ ծխախոտ չգործածել, հետեւիլ առողջ սննդականոնի, հեռու մնալ շատակերութենէ, սեւ միս շատ չուտել, ալքոլ քիչ գործածել, կենդանական ճարպ քիչ սպառել, հեռու մնալ քաղցկեղածին նիւթերէ, ապականած միջավայրերէ, քիմիական նիւթերէ եւ կազերէ ու կատարել բժշկական հերթական քննութիւններ որոշ տարիքէ ետք կարգ մը քաղցկեղներու բացայայտումին համար, մասնաւորապէս՝ արգանդավիզի, հեշտոցի, հաստ աղիքի, շագանակագեղձի եւ կրծքագեղձի:

 

 

 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button