Լրահոս

ՈՉ ԵՒՍ Է ՌՈՊԸՐԹ ՄՈՐԿԸՆԹԱՈՒ 

Ռոպըրթ Մորկընթաու,  աւելի քան 40 տարի ծառայելէ ետք իբրեւ հարաւային Նիւ Եորք նահանգի գլխաւոր դաշնակցային դատախազ եւ Մանհաթընի ամենէն երկարամեայ շրջանային դատախազ, իր մահկանացուն կնքեց Կիրակի, Յուլիս 21-ին, 99 տարեկանին, հարիւրերորդ տարեդարձէն օրեր առաջ։

Մորկընթաուի մեծ հայրը՝ հռչակաւոր Հենրի Մորկընթաու աւագը, Միացեալ Նահանգներու դեսպանն էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ Ա. Աշխարհամարտին ընթացքին, հանդիսանալով Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը հաստատող նշանաւոր ձայներէն մէկը։ Հայրը՝ Հենրի Մորկընթաու կրստեր, Ա.Մ.Ն. նախագահ Ֆրէնքլին Տ. Ռուզվելթի ելեւմտական նախարարն էր։

Ռոպըրթ Մորկընթաու հետեւեցաւ իր մեծ հօր ու հօր քայլերուն՝ իբրեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման երկարամեայ պաշտպան, եւ յաճախ Մեծ Եղեռնի ոգեկոչման ու Հայ Դատի պաշտպանութեան ձեռնարկներու իր մասնակցութիւնը բերաւ։

Մորկընթաուի յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ այսօր, Հինգշաբթի, Յուլիս 25-ին, Նիւ Եորքի մէջ։ Ա.Մ.Ն. թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի անունով արարողութեան ներկայ էր առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեան։

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button